Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.»  Ուեմպի Տարբեր Թրիփըլ Տապըլ Իրագործեց 10 Պլոքով

«Էն. Պի. Էյ.» Ուեմպի Տարբեր Թրիփըլ Տապըլ Իրագործեց 10 Պլոքով

Վիքթոր Ուեմպանեամա (Ուեմպի) նշանակեց 27 կէտ եւ ձեռք ձգեց 14 ռիպաունտ եւ ասպարէզի մրցանիշ` 10 պլոք, երբ իր խումբը` Սան Անթոնիօ Սփըրզ 122-99 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզի դաշտէն, 7 յաջորդական պարտութիւններէ ետք: Ուեմպի 14 փորձերէն 10-ն կրցաւ նշանակել, կատարեց 5 էսիսթ եւ 2 սթիլ 29 վայրկեանի ընթացքին ի նպաստ Սփըրզի, որ 27 յունուարէն ի վեր (Մինեսոթայի դէմ) որեւէ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Անդրանիկի Եւ Ֆայնըլ Ֆորի Կը Պատրաստուի

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Անդրանիկի Եւ Ֆայնըլ Ֆորի Կը Պատրաստուի

Ուրբաթ գիշեր, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մեր աղջիկները 66-44 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին Անդրանիկի դէմ մրցումին եւ հասան ֆայնըլ ֆորի` աւարտելով բնական ախոյեանութեան մրցումները: ՀՄԸՄ-ի 14-րդ յաղթանակը կերտուեցաւ շնորհիւ Փաթիլ Ասատուրեանի (20 կէտ, 6 սթիլ), Տիմա Շահինի (14 կէտ), Փերլա Պու Նասրի (10 կէտ եւ 11 ռիպաունտ), Մայսա Խալիլի (9 կէտ, 7 ռիպաունտ), Նարինէ Կէօքճեանի (5 կէտ), Եաշա Զէյնունի (4 կէտ, 7...

Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ-Անդրանիկ.  ՀՄԸՄ Դժուար Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Անթունիէի Դէմ

Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ-Անդրանիկ. ՀՄԸՄ Դժուար Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Անթունիէի Դէմ

Այսօր կէսօրէ ետք ժամը 16:45-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի բացման մրցումը տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ի եւ Անդրանիկի միջեւ: Երթին, «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ ՀՄԸՄ կրցած էր 88-72 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ, եւ այսօր վստահաբար պէտք է ՀՄԸՄ-ի տղաքը Անթունիէի մրցումին սխալները չկրկնեն, հանգիստ եւ հանդարտ խաղաով յաղթանակ մը արձանագրելով լաւ օտար...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մեծ Յաղթանակով Սկսաւ Բ. Հանգրուանը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մեծ Յաղթանակով Սկսաւ Բ. Հանգրուանը

Կիրակի կէսօրէ ետք, Լեռնալիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի իր առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շատ լաւ ձեւով սկսաւ իր արշաւը` 3-րդ դասակարգ բարձրանալու, երբ 6-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Ուահտէ Շուֆի դէմ: Հասան Զաայթեր, Սերժ Օսքեան (2), Ապտըլ Ռահման Սոնտոս, Ժան Փիեռ Սէուտ եւ Իպրահիմ Մուսաուի նշանակեցին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի անպատասխան կոլերը: ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Սաֆա Շուիթ,...

Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Պարտութիւն Մը Կրեց Արզէն

Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Պարտութիւն Մը Կրեց Արզէն

Լիբանանի Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Արզէն: Վերջին մրցումին նման Սագօ Կէօքկէօզեան նշանակեց մրցումին եւ ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը, սակայն մրցակիցը, որ Պէյրութի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին հասած էր եւ միայն փենալթիներով պարտուած Լիբանանեան բանակէն, 6 անգամ պատասխանեց, հակառակ անոր որ կարմիր քարտ մըն ալ ստացաւ: ՀՄԸՄ իր 2-րդ կոլը նշանակեց շնորհիւ...

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ.  Ճատրակի Մրցումները Տեղի Ունեցան Հռիփսիմեանց Վարժարանին Մէջ

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Ճատրակի Մրցումները Տեղի Ունեցան Հռիփսիմեանց Վարժարանին Մէջ

Կիրակի օր Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ի շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի ճատրակի 2023-2024 տարեշրջանի մրցումները: Մրցումներէն ետք տեղի ունեցաւ մետալներու բաշխման հանդիսութիւնը` հետեւեալ դրութեամբ. 10 տարեկանէն վար (2014-2015-ի ծնունդ) Աղջիկներ 1.- Նայիրի Նիւրբեթլեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան) 5 կէտ 2.- Սօսէ Սեփեթճեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան) 5 կէտ 3.- Սօսէ Մարօ Հաճեան (Ազգ. «Յառաջ-Գ....

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» – «Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Լայփցիկ – Ռէալ Մատրիտ Եւ Քոփենհակըն – Մանչեսթըր Սիթի

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» – «Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Լայփցիկ – Ռէալ Մատրիտ Եւ Քոփենհակըն – Մանչեսթըր Սիթի

Անցեալ 13 դեկտեմբերին աւարտելէ ետք «Չեմփիընզ Լիկ»-ի խմբակներու Ա. հանգրուանը, այսօր կը սկսի նաք-աութի հանգրուանը 16 խումբերու միջեւ: Այսօր ժամը 22:00-ին Գերմանիոյ մէջ Լայփցիկ պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը: Անցեալ տարեշրջանի խմբակներու Ա. հանգրուանին, Լայփցիկ իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով յաղթած էր Ռէալ Մատրիտին, որ 2012-2013 տարեշրջանէն ի վեր բնաւ պարտութիւն չէ կրած որեւէ գերմանական խումբէ (10 յաղթանակ եւ 9 հաւասարութիւն):...

Նշմար. Միութենական Աշխատանքի Օրինակելի Պատգամ Մը

Նշմար. Միութենական Աշխատանքի Օրինակելի Պատգամ Մը

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Կիրակի, 4 փետրուարի յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-Սաժես պասքեթպոլի մրցումին ընթացքին ամբողջ Լիբանանը ականատես դարձաւ աննախընթաց օրինակելի պատկերի մը: Յաղթականը ՀՄԸՄ¬ի պասքեթպոլի խումբն էր, սակայն յաղթանակի մեծագոյն դափնեկիրը միութենական աշխատանքն էր: Պատանեկան տարիքի տղաք ու աղջիկներ խուռներամ շարքերով լեցուցած էին դաշտը եւ կը քաջալերէին իրենց խումբը: Բոլորս ուրախացանք եւ հպարտացանք, սակայն կ՛արժէ անդրադառնալ այն կազմակերպ ու հետեւողական աշխատանքին, որուն արգասիքն էր...

Պասքեթպոլ.  Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ

Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ

Վաղը, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ այս տարեշրջանի բնական ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի ելոյթը` ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Անդրանիկի միջեւ: Երթին, Անդրանիկի դաշտին վրայ, 57-53 արդիւնքով յաղթական ՀՄԸՄ-ի աղջիկները ամէն գնով պիտի փորձեն կրկնել իրենց յաղթանակը` աւարտելով տարեշրջանը 14 յաղթանակով` 4 պարտութեան դիմաց, գրաւելով 3-րդ դիրքը: Համակիրներէն կը սպասուի խուռներամ ներկայանալ դաշտ`...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Վաղը` Անթունիէ – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Անթունիէ – ՀՄԸՄ

Վաղը, ժամը 19:00-ին, Անթունիէի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի մրցին Անթունիէի խումբին դէմ, Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին գծով: Երթին, Մըզհերի մէջ մեր տղաքը 100-73 արդիւնքով յաղթած էին, եւ վաղը մեր տղոցմէ կը սպասուի հանգիստ յաղթանակ մը եւս, մանաւանդ որ երթի բաղդատմամբ մեր տղաքը շատ աւելի օրինաւոր պասքեթպոլ կը խաղան, եւ օտարներու ալ փոփոխութիւններ կատարուած են եւ միայն Տուէյն Ճեքսընը...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Շաբաթ Օր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արզ. Կիրակի Օր` Ուահտէ Շուֆ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Շաբաթ Օր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արզ. Կիրակի Օր` Ուահտէ Շուֆ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այս շաբաթ օր ժամը 16:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Արզի դէմ, Պէյրութի շրջանի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով: Իր վերջին մրցումին 3-1 արդիւնքով պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ Պէյրութ ամէն գնով պիտի փորձէ յաղթանակ մը արձանագրել Արզի վրայ, որ ՀՄԸՄ-ի նման 1 մրցում յաղթած է, իսկ 2-րդը` պարտուած: Առաջին երկու հանգրուաններուն յաղթանակներ արձանագրած խումբեր` Լիբանանեան բանակ եւ Սեպիլ պիտի մրցին յաջորդաբար Ֆ. Ք....

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Յաղթեց Պրուքլինի Մէջ. Ֆինիքս Յաղթեց Պաքսի

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Յաղթեց Պրուքլինի Մէջ. Ֆինիքս Յաղթեց Պաքսի

Քայրի Ըրվինկ, որ տարի մը առաջ լքած էր Նիւ Եորք նահանգը, կարծես տակաւին հոն կ՛ապրէր, եւ երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն գծով Պրուքլինի դաշտին վրայ իր խումբին` Տալաս Մեւրիքսի հետ փայլեցաւ եւ գեղեցիկ ներկայացում մը (շօ) կատարեց իր մանկութեան սիրած Նեթցի համակիրներուն եւ մեծ թիւով բարեկամ-ազգականներու ներկայութեան: Ըրվինկ նշանակեց 36 կէտ` առաջնորդելով Տալասը 119-107 արդիւնքով յաղթանակի` Պրուքլին Նեթցի դէմ: «Ասիկա...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Թաատոտ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 41-50

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Ռիատի` Բաժակի Մրցաշարքին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կատարեց վիճակաձգութիւնները Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքին, որ Անթուան Շուէյրիի անուան կոչուած է: Երկու խմբակներու բաժնուած խումբերը ծայր աստիճան հետաքրքրական պիտի ըլլան, մանաւանդ որ Բ. խմբակին մէջ ՀՄԸՄ պիտի մրցի Ռիատիի դէմ: Ա. դասակարգի 10 խումբերէն 7-ն մաս կը կազմեն Բ. խմբակին, իսկ 3-ը` Ա. խմբակին, որ մեծամասնութեամբ Բ. դսակարգի խումբեր են: Ստորեւ վիճակաձգութեան արդիւնքը` նշելով, որեւէ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Ռիատի` Բաժակի Մրցաշարքին

Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – Ուահտէ

Այսօր, երեկոյեան ժամը 21:45-ին Զուք Միքայէլի «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Ուասլ մրցաշարքին գծով Ռիատի - Ուահտէ մրցումը: Երթին, Սուրիոյ մէջ, Ռիատի 96-67 արդիւնքով յաղթական վերադարձած էր Դամասկոսի դաշտէն, ուր փայլած էին Ուաէլ Արաքժի եւ ընկերներ: Այս մրցումը պիտի ըլլայ Ուահտէի 4-րդ եւ վերջինը այս խմբակին մէջ, մինչ Ռիատի տակաւին պիտի մրցի Շորթայի դէմ (Իրաք), նոյն դաշտին վրայ,...

Մահմուտ Պըրժաուի (Ապու Թալեպ) Ոչ Եւս Է

Մահմուտ Պըրժաուի (Ապու Թալեպ) Ոչ Եւս Է

Երէկ մահացաւ լիբանանեան ֆութպոլի հին աստղերէն Մահմուտ Պըրժաուին (Ապու Թալեպ)` 83 տարեկան հասակին: Ապու Թալեպ, որ Պէյրութ թաղապետ ալ եղած էր, երկար ժամանակ յայտնի անուն եղած է լիբանանեան ֆութպոլին մէջ, հռչակ ստացած է իբրեւ ֆութպոլիստ` մարզիկ ըլլալով Նըժմէի, Ռասինկի, Թատամոն Պէյրութի եւ Անսարի հետ, երբ կը խաղար յառաջապահ կամ աջ յառաջապահ դիրքերու վրայ: Ան դարձած է մարզիչ ալ եւ եղած...

Մանչեսթըր Սիթի Գրաւեց 2-րդ Դիրքը

Մանչեսթըր Սիթի Գրաւեց 2-րդ Դիրքը

Անգլիոյ եւ Եւրոպայի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի երկուշաբթի գիշեր 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրենթֆորտը` այս վերջինիս դաշտին վրայ: 21-րդ վայրկեանին Նիլ Մոփէյ նշանակեց Պրենթֆորտի անակնկալ կոլը, բայց Ֆիլ Ֆոտըն 48-րդ վայրկեանին, առաջին կիսախաղը չաւարտած, կրցաւ հաւասարեցնել արդիւնքը: Սիթի Բ. կիսախաղին սկիզբէն կրցաւ արդիւնքը բարձրացնել 2-ի` շնորհիւ նոյնինքն Ֆոտընի, Քեւըն տը Պրունյէի փոխանցումէն օգտուելով: 70-րդ վայրկեանին, այս անգամ Հաալանտի փոխանցումին...

Պասքեթպոլ. Տալաս Յաղթեց Քայրիի Վերադարձով. Քլիփըրզ Անգամ Մը Եւս Յաղթեց

Պասքեթպոլ. Տալաս Յաղթեց Քայրիի Վերադարձով. Քլիփըրզ Անգամ Մը Եւս Յաղթեց

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ 6 մրցումներ բացակայելէ ետք Տալասի եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի աստղերէն Քայրի Ըրվինկ վերադարձաւ եւ առաջնորդեց Տալաս Մեւրիքսը դէպի յաղթանակ` Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի դէմ, 118-102 արդիւնքով: Ըրվինկ 23 կէտ եւ 8 էսիսթ կատարեց, մինչ Լուքա Տոնչիչ 19 կէտ աւելցուց այս տարեշրջանի հազուադէպ մրցումներէն մէկուն, որուն ընթացքին այս երկու մարզիկները միասնաբար դաշտ կը ներկայանային: Մօտ 1...

Ողիմպիականի Ախոյեան Պրազիլ  1-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ

Ողիմպիականի Ախոյեան Պրազիլ 1-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ

Վերջին Ողիմպիական մրցումներու ֆութպոլի ախոյեան Պրազիլ անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Փարակուէյէն, Հարաւային Ամերիկայի ֆայնըլ ֆորի զտումի մրցումներուն: Պրազիլ, Փարակուէյ, Արժանթին եւ Վենեզուելա կը մրցին այս զտումներուն, եւ լաւագոյն 2 խումբերը պիտի մասնակցին Փարիզի 2024-ի Ողիմպիականի մրցաշարքին: Ֆապրիցիօ Փերալթա գլխու հարուածով 45-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը` ի նպաստ Փարակուէյի, որ վերջին անգամ 2004-ի Ողիմպիականին մասնակցած էր:    

Նշմար.  Կեցցե՛ն ՀՄԸՄ-ի Խանդավառ Ու Խանդավառութիւն  Սփռող Մանուկ Եւ Պատանի Համակիրները

Նշմար. Կեցցե՛ն ՀՄԸՄ-ի Խանդավառ Ու Խանդավառութիւն Սփռող Մանուկ Եւ Պատանի Համակիրները

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ ՀՄԸՄ-ական ըլլալը ամբողջովին այլ բան է, իսկ ՀՄԸՄ-ը ապրիլն ու անոր նկատմամբ սէրդ ու հաւատքդ դրսեւորելը ամբողջովին այլ բան է: Նաեւ ասոնք տարբեր են իրարմէ այն առումով, որ առաջինը չեղողը` ոչ ՀՄԸՄ-ականը, կրնայ անպայման եւ թեւեւս ալ աւելի մեծ հաւատարմութեամբ ըլլալ երկրորդը` ՀՄԸՄ-ը զգացողն ու անոր մնայուն քաջալեր հանդիսացողը: Կիրակի, 4 փետրուար 2024-ի կէսօրուան կանուխ ժամերէն «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային...

Սառոյցի Վրայ Պար.  Սեմիոն Տանիլեանց Ախոյեան

Սառոյցի Վրայ Պար. Սեմիոն Տանիլեանց Ախոյեան

Լիթուանիոյ Քաունաս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Այսպիթ Ուինթըր Թրոֆի 2024-ի մրցաշարքը, ուր տեղի ունեցան սառոյցի վրայ պարի մրցումներ ամէն տարիքներու տղոց թէ աղջկանց: Տղոց մրցումներուն, առաջին դիրքը գրաւեց հայազգի Սեմիոն Տանիլեանց, որ 18 տարեկան ըլալով շահեցաւ տղոց տիտղոսը: Սեմիոն, որ ծնած է Մոսկուա, 2021-էն ի վեր կը մասնակցի իբրեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ: Յայտնենք, որ Իտալիոյ մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած Եւրոպայի...

Page 226 of 1281 1 … 225 226 227 … 1,281

Արխիւներ