Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, աշխարհի, Եւրոպայի եւ Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, իր ասպարէզին մէջ 7-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան, Պուքրեշի (Ռումանիա) մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներու աւարտականին, յաղթելէ ետք ռուս Մակոմետ Մուրթազալիեւի` 6-3 արդիւնքով:
97 քկ կշիռի ախոյեան Ալեքսանեան 1/8-րդ հանգրուանին դուրս ձգած էր թուրք Պէյրուլա Կայստաքին (9-1), քառորդ աւարտականին` նետերլանտցի Թայրոն Շթերքենպուրկին (8-3) եւ կիսաւարտականին պիելոռուս Ապուպաքար Խասլախանավին (5-1):
Աւելի կանուխ, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Մալխաս Ամոյեան իր ասպարէզին մէջ 3-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան, 77 քկ կշիռի մրցումներու աւարտականին 7-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք աշխարհի պրոնզ մետալակիր թուրք Եունուս Պաշարի վրայ:
Առաջին մետալը շահած էր 55 քկ կշիռի մրցումներուն առաջին անգամ ըլլալով մասնակցող Մանուէլ Խաչատրեան, որ պրոնզէ մետալի մրցումին 8-0 արդիւնքով կանուխ յաղթանակ մը արձանագրած էր պուլկար ըմբիշ Սթեֆան Հրիսթով Գրիգորովի դէմ:


