«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Փորձառութեան Պակաս» Ըսաւ Արթեթա
Չորեքշաբթի, Անգլիոյ ախոյեանութեան 3-րդ դիրքը գրաւող Արսենալ Փորթուգալի մէջ «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով պարտութիւն մը կրեց Փորթոյէն... 94-րդ վայրկեանին: Արսենալի մարզիչ Միքել Արթեթա յայտնեց, որ խումբը պիտի սորվի այս արդիւնքէն: Արսենալ տիրապետեց մրցումին, բայց Փորթոյի բերդը չկրցաւ վտանգել լրջօրէն: Այս մրցումը եղաւ Արսենալի առաջինը «Չեմփիընզ լիկ»-ի նաք աութի հանգրուանի 2016-2017 տարեշրջանէն յետոյ 6 տարի բացակայութենէ ետք: Անիկա նաեւ մարզիչ Արթեթայի առաջին...




















