«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, երբ տեղի ունեցան վերջին 3 մրցումները, վաղուան «Օլ Սթար»-ի մրցումէն առաջ:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ օր մը առաջ պարտութիւն մը կրած էր Լոս Անճելըս Քլիփըրզէն, հակառակ Սթեֆըն Քըրիի 9 հատ 3 կէտնոց կողովներուն, նշանակելով ընդամէնը 41 կէտ, կրցաւ յաղթանակով աւարտել մէկ շաբթուան դադարը եւ 140-137 արդիւնքով յաղթել Եութա Ճէզի` այս վերջինիս Սոլթ Լէյք Սիթիի դաշտին վրայ:
Քլէյ Թոմփսըն, որ վերջերս շատ ձախող ելոյթներ կ՛ունենար, 2012-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պահեստի աթոռներու վրայ գտաւ ինքզինք մրցումի սկիզբէն:
Ան մասնակցեցաւ 28 վայրկեան եւ նշանակեց եօթը հատ 3 կէտնոց կողովներ` ձեռք ձգելով 6 ռիպաունտ եւ ընդամէնը 35 կէտ:
Եութա Ճեզէն Քոլեն Սեքսթըն իր կարգին 35 կէտ նշանակեց ի նպաստ Եութայի, մինչ Քիյոնթի Ճորճ 16 փորձերէն 9 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` ձեռք ձգելով 33 կէտ: Լաուրի Մարքանէն տապըլ տապըլ իրագործեց` նշանակելով 20 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ի նպաստ Եութայի, որ 30-րդ պարտութիւնը կրեց 56 մրցումներու ընթացքին:
Փորթլենտի մէջ, Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 128-91 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Թրէյլ Պլէյզըրզի դէմ մրցումին:
Մրցումի սկիզբէն Մինեսոթա տիրապետեց շնորհիւ Անթոնի Էտուըրտծի (34 կէտ), Քարլ -Անթոնի Թաունզի (23 կէտ, 8 ռիպաունտ) եւ Ռուտի Կոպերթի (11 կէտ, 12 ռիպաունտ) հերոսութիւններուն:
Մեմֆիսի մէջ, Զայիր Ուիլիըմզ եւ Ճիճի Ճեքսըն 27-ական կէտ նշանակեցին, եւ իրենց խումբը` Մեմֆիս Կրիզլիզ կրցաւ յաղթել Միլուոքի Պաքսի 113-110 արդիւնքով: Վերջին երկվայրկեանին Տեմիըն Լիլըրտ փորձեց 3 կէտնոց կողով մը նշանակել հաւասարութիւն արձանագրելու յոյսով, բայց նպատակին չհասաւ:
Եաննիս Անթեթոքումփo 35 կէտ եւ 12 էսիսթ կատարեց, իսկ Պրուք Լոփես 14 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Միլուոքիի, որ 21-րդ պարտութիւնը կրեց 35 յաղթանակներու կողքին:
Ստորեւ վերջին 2 օրերու արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Մայեմի Հիթ 104-109
Օրլանտօ Մեճիք – Նիւ Եորք Նիքս 118-100
Չարլոթ Հորնեթց – Աթլանթա Հոքս 122-99
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 125-127
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Շիքակօ Պուլզ 108-105
Պոսթըն Սելթիքս – Պրուքլին Նեթց 136-86
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 133-126
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 121-113
Տալաս Մեւրիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 116-93
Եութա Ճեզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 122-138
Ֆինիքս Սանզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 116-100
Տենվըր Նակեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ 98-102
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 125-130
ԵՐԷԿ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Միլուոքի Պաքս 113-110
Եութա Ճեզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 137-140
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 91 -128