Լիբանանի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Պէյրութի շրջանի մրցումներուն, վաղը Անսարի դաշտին վրայ, ժամը 18:00-ին ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Անդրանիկի դէմ:
Երկու խումբերն ալ իրենց առաջին 3 մրցումներէն մէկը յաղթած են, իսկ 2-թ պարտութեամբ աւարտած:
Մեր տղոց կը մնայ պայքարիլ ամբողջ 90 վայրկեան, հասնելու 3 կէտերու եւ առաջնակարգ խումբերու հետ քայլ պահելու համար:
Լիբանանեան բանակը եւ Սապիլ իրենց 3 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած են, մինչ Արզ եւ Նուժում 2 յաղթանակ եւ 1 պարտութիւն ունին, Տինամօ Պէյրութ 1 յաղթանակ, 1 հաւասարութիւն եւ 1 պարտութիւն ունի եւ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը ՀՄԸՄ Անդրանիկ եւ Ֆ. Ք. Պէյրութ կը պայքարին 5-րդ դիրքին համար, մինչւ Նօ Լիմիթց եւ Զամալիք (3 պարտութիւն) վերջին դիրքերու վրայ են:
Մեր տղոց կը մնայ առաւելագոյն կէտերը ձեռք ձգել Զամալէքի, Նօ Լիմիթցի, Անդրանիկի, Տինամօ Պէյրութի եւ ինչու չէ Նուժումի մրցումներէն: