Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող ազատ ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, 70 քկ կշիռի մրցումներուն, Արման Անդրէասեան աւարտականին 7-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք վրացի Աքաքի Քեմերթելիծէի, դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Կիսաւարտականին Անդրէասեան դուրս ձգած էր Իսմայիլ Մուսուքայեւը 8-5 արդիւնքով:
Արման Անդրէասեան (24 տարեկան), որ առաջին անգամ ըլլալով կը դառնար Եւրոպայի ախոյեան, իր տիտղոսը նուիրեց իր նահատակ եղբօր` Տարօն Անդրէասեանին, որ 44-օրեայ պատերազմի Արցախի հերոսներէն էր:
57 քկ կշիռի մրցումներուն, Արսէն Յարութիւնեան 4-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան, այս անգամ իր թուրք մրցակից Մոհամետ Քարավուշը 10-0 արդիւնքով ջախջախելէ ետք:
Կիսաւարտականին Արսէն Յարութիւնեան 10-0 արդիւնքով ջախջախած էր ազրպէյճանցի Իսլամ Պազարկանովը:
61 քկ կշիռի պրոնզ մետալի մրցումին, Մեժլում Մեժլումեան 7-5 արդիւնքով յաղթեց գերմանացի Նիքլաս Շտեխելին` շահելով պրոնզ մետալ: