Աշխարհի մարաթոնի մրցանիշ ձեռք ձգած քենիացի Քելվըն Քիփթըմ եւ իր մարզիչը ինքնաշարժի արկածի պատճառով մահացան կիրակի օր, իր ծննդավայրին մօտ ճամբու մը վրայ:
Քիփթըմ առաջին աթլեթն էր, որ 2 ժամ 1 վայրկեանէն նուազ ժամանակով վազած էր 2023-ի Շիքակոյի մարաթոնը, 2 ժամ եւ 35 երկվայրկեան ժամանակ մը արձանագրելով:
24 տարեկան քենիացին բարելաւած էր իր ազգակից Էլիուտ Քիփչոկէի մրցանիշը (2 ժամ, 1 վայրկեան եւ 09 երկվայրկեան, Պերլինի մէջ, 2022-ին):
Քիփթըմ կը պատրաստուէր մասնակցելու Ռոթերտամի մարաթոնին յառաջիկայ ապրիլին, յոյսով, որ 2 ժամէն նուազ արդիւնք արձանագրէր, բայց արկածը վերջ դրաւ անոր երազներուն:
Ըստ ոստիկանութեան տեղեկատուութեան, Քիփթըմ կը քշէր իր ռուանտացի մարզիչ Կերվէ Հաքիզիմանայի եւ այլ աղջկայ մը հետ Ռիֆթ Վէլի գիւղին մօտ, երբ ինքնաշարժը շեղեցաւ ճամբէն եւ եզերքի փոսի մը մէջ իյնալով հսկայ ծառի մը զարնուեցաւ: