Երէկ Ռիատի 120-90 արդիւնքով յաղթեց Իրաքի Շորթա խումբին եւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Էլմետին Քիքանովիչ 25 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ռիատիի, որ իր խմբային խաղարկութեան շնորհիւ շատ հանգիստ ձեւով տիրապետեց մրցակիցին վրայ` գործածելով 10 մարզիկներ եւ բացակայութեամբ Քարիմ Զէյնունի:
Ռիատի գրաւեց Բ. խմբակի պարագլուխի դիրքը եւ Ա. խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւող Իրանի Շահրտարի Կորկանի նման ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Սաժես օր մը առաջ 101-58 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրած էր Իթթիհատ Ահլի Հալէպի դէմ եւ ապահոված յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:
Յաջորդ հանգրուանին Շորթա պիտի մրցի Իթթիհատ Ահլի Հալէպի դէմ, եւ 3 մրցումներէն 2 յաղթանակ ապահովող խումբը կը հասնի կիսաւարտական` մրցելու Կորկանի դէմ, մինչ Սաժես պիտի մրցի Ուահտէի դէմ, եւ 2 մրցում յաղթող խումբը պիտի մրցի Ռիատիի դէմ` կիսաւարտականին:


