Հայաստանի ծանրաբարձութեան ազգային խումբի տղոց անդամ, 67 քկ մրցումներու մասնակից Գոռ Սահակեան յաջորդական երկրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող ախոյեանութեան, Սահակեան երկամարտի 311 քկ արդիւնքով (140+ 171 քկ) դարձաւ ոսկի մետալակիր:
Էփոլէ-ժըթէ մրցումներուն Գոռ Սահակեան 171 քկ բարձրացուց եւ փոքր ոսկի մետալի արժանացաւ, մինչ արաշէի մրցումներուն ան 140 քկ բարձրացնելով շահեցաւ փոքր պրոնզ մետալ մը:
Նշենք, որ Գոռ Սահակեան 2023-ին ալ Երեւանի մէջ դարձած էր Եւրոպայի ախոյեան: Նախապէս, աղջիկներու մրցումներուն 19 տարեկան Ալեքսանտրա Գրիգորեան Հայաստանի առաջին մետալը շահած էր այս մրցումներուն` դառնալով Եւրոպայի ախոյեան, 55 քկ կշիռի մրցումներուն:
Ան երկամարտին 196 քկ արդիւնքով (115+81 քկ) դարձած էր ոսկի մետալակիր:
Ան էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն 115 քկ բարձրացուց` շահելով փոքր ոսկի մետալ մը, իսկ արաշէի մրցումներուն ան 81 քկ բարձրացուց:




