Կիրակի օր, Փղոսկրեայ Ափունք դարձաւ Ափրիկէի ֆութպոլի ախոյեան` շահելով իր 3-րդ բաժակը, 1992-ի եւ 2015-ի յաջողութիւններէն ետք:
Աւարտականին ան Նիկերիան 2-1 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել` շնորհիւ Ֆրանք Քեսիէի եւ Սեպասթիան Հալըրի կոլերուն: Նախապէս 38-րդ վայրկեանին Նիկերիոյ խմբապետ Ուիլիամ Թրուսթ-Էքոնկ նշանակած էր Նիկերիոյ կոլը:
Նշենք, որ երկու խումբերն ալ մաս կազմած էին Ա. խմբակին, ուր Նիկերիա գրաւած էր 2-րդ դիրքը, իսկ մրցաշարքի հիւրընկալ Փղոսկրեայ Ափունք` 3-րդ դիրքը: Խմբակին առաջին դիրքը գրաւած էր Մերձարեւադարձային Կինէն, որ Բ. հանգրուանին դուրս մնացած էր: