Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Քըրի 41 Կէտ Նշանակեց, Բայց Ուորիըրզ Պարտուեցաւ

Փետրուար 16, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սթեֆըն Քըրի յաջորդական 4-րդ մրցումը ըլլալով 7 կամ աւելի 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, բայց իր խումբը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 125-130 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզէն:

Քըրի երէկ 9 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, մինչ իր խմբակից Քլէյ Թոմփսըն, որ Քըրիի նման 3 կէտնոց կողովներու մասնագէտ կը նկատուի, 9 փորձերէն միայն 1-ը յաջողեցաւ նշանակել:

Քըրի որ 41 կէտերու կողքին 5 էսիսթ ալ կատարեց, միայն օգնութիւն ստացաւ Պրենտըն Փոծիմսքիէն, որ 25 կէտ նշանակեց: Սենթըր Տրէյմընտ Կրին, որ բաւական «զսպուած» կը խաղայ անցեալ ամիս 12 մրցում կախակայուելէ ետք, 9 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, բայց մրցումի 4-րդ մասին ձեւով մը պատճառ դարձաւ Կոլտըն Սթէյթի պարտութեան` ոչ կարեւոր ֆաուլեր կատարելով:

Ճէյմս Հարտըն 26 կէտ նշանակեց 8 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ կատարելով, մինչ Փոլ Ճորճ 24 կէտ աւելցուց ի նպաստ Քլիփըրզի, որմէ կը բացակայէին Քուայ Լենըրտ եւ Փի. Ճէյ. Թաքըր:

Տալաս Մեւրիքս շնորհիւ իր աստղի Քայրի Ըրվինկի եւ Լուքա Տոնչիչի կրցաւ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրել Սան Անթոնիօ Սփըրզի դէմ մրցումին:

15 կէտով ետ մնալէ ետք, Տալաս շնորհիւ Քայրիի կրցաւ Վիքթոր Ուեմպանեամայի «գլուխը դարձնել»: Ուեմպի, որ 2,24 մեթր է, չկրցաւ արգիլել Քայրիի 1,85 մեթր հարուածները: Քայրի, որ ճկուն եւ արագ մարզիկ մըն է, կը նկատուի «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն գնդակի վրայ իշխելու կարողութիւն ունեցող մարզիկներէն: Քայրի 34 կէտ նշանակեց (4 հատը 3 կէտնոց կողով), մինչ Տոնչիչ, որ մրցումի աւարտէն 4 վայրկեան առաջ դուրս եկաւ դաշտէն` վիզը բռնած (թեթեւօրէն վիրաւոր) 27 կէտ նշանակեց 9 ռիպաունտի եւ 8 էսիսթի կողքին:

Այս մրցումը վերջինն էր Տալասի «Օլ Սթար»-ի մրցումէն առաջ: Սփըրզի լաւագոյն մարզիկն էր Վիքթոր «Ուեմպի» (26 կէտ եւ 9 ռիպաունտ)

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 138-122 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Եութա Ճեզի դաշտէն` օգտուելով Անթոնի Տէյվիսի (37 կէտ եւ 15 ռիպաունտ) լաւ ելոյթէն:

Ֆինիքս Սանզ 116-100 արդիւնքով յաղթեց Տիթրոյիթ Փիսթընզի: Քեւըն Տիւրենթ 25 կէտ նշանակեց:

Նիւ Օրլինզ 133-126 արդիւնքով յաղթեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին: Չայըն Ուիլիըմսըն (36 կէտ, 8 էսիսթ եւ 6 ռիպաունտ եղաւ Փելիքընզի լաւագոյնը, մինչ Տենի Աւտիճա եղաւ Ուաշինկթընի լաւագոյն մարզիկը` նշանակելով 43 կէտ եւ 15 ռիպաունտ:

Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները, նշելով, որ այսօր տեղի կ՛ունենան 3 մրցումներ, ապա կը սկսի Օլ Սթարի շաբաթավերջը: Մրցումները կը շարունակուին 23 փետրուարին:

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Մայեմի Հիթ 104-109
Օրլանտօ Մեճիք – Նիւ Եորք Նիքս 118-100
Չարլոթ Հորնեթց – Աթլանթա Հոքս 122-99
Թորոնթօ Ռեփթըրզ  – Ինտիանա Փէյսըրզ 125-127
Քլիվլենտ Քեւելրզ – Շիքակօ Պուլզ 108-105
Պոսթըն Սելթիքս – Պրուքլին Նեթց 136-86
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 133-126
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 121-113
Տալաս Մեւրիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 116-93
Եութա Ճեզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 122-138
Ֆինիքս Սանզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 116-100
Տենվըր Նակեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ 98-102
Կոլտըն  Սթէյթ Ուորիըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 125-130

 

Նախորդը

Տեառնընդառաջի Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Թող Քրիստոս մեր ազգին համար միշտ լոյս դառնայ եւ լոյս մնայ մեր ընտանիքներու կեանքին մէջ», Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Ծանրաբարձութիւն. Գոռ Սահակեան Եւ Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ-Անթունիէ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Անթունիէ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ճատրակ.  Ալեքսանտրով Շահեցաւ Պէյրութի Միջազգային Մրցաշարքը
Մարզական

Ճատրակ. Ալեքսանտրով Շահեցաւ Պէյրութի Միջազգային Մրցաշարքը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Միքս Ֆայթ 58.  Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Խառն Մենամարտի Երեկոյ
Մարզական

Միքս Ֆայթ 58. Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Խառն Մենամարտի Երեկոյ

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?