Այսօր Անգլիոյ մէջ «Փրըմիեր լիկ»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ժամը 14:30-ին, պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ Պրենթֆորտի դաշտին վրայ կատարելիք մրցում մը ունի, որ կրնայ դժուար ըլլալ: Տարեշրջանի սկիզբը այս դաշտին վրայ Արսենալ դժուարութեամբ յաղթեց Պրենթֆորտի, մինչ Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ 3-0 հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրած էր Պրենթֆորտի դէմ 12 նոյեմբերին:
Մոհամետ Սալահ հաւանաբար վերադառնայ Տոմինիք Սոպուլայի կողքին, բան մը, որ Լիվըրփուլի յառաջապահ գիծը աւելի աշխուժ կրնայ դարձնել:
Ժամը 19:30-ին, Մանչեսթըր Սիթի, որ 2 կէտով ետ կը մնայ Լիվըրփուլէն, պիտի հիւրընկալէ 10-րդ դիրքը գրաւող Չելսին: Չելսի այս տարեշրջանին շատ զարմանալի արդիւնքներ կ՛արձանագրէ:
Երբեմն շատ լաւ ֆութպոլ կը ցուցաբերեն Փոչեթինոյի տղաքը, իսկ երբեմն շատ յուսախաբ կ՛ընեն համակիրները:
Սիթի, որ գրեթէ ամբողջական կազմով է, շատ լաւ վիճակի մէջ է, եւ կը սպասուի, որ 3 կէտերը ապահովէ, քայլ պահելու համար Լիվըրփուլի հետ, մանաւանդ որ մրցում մըն ալ նուազ կատարած է իր մրցակիցներէն:
3-րդ դիրքը գրաւող Արսենալ, որ Սիթիի նման 52 կէտ ունի, պիտի մեկնի Պըրնլիի դաշտը` մրցելու տեղւոյն կազմին դէմ, յուսալով, որ իր Լոնտոնի դրացի-թշնամի Չելսի կէտ մը խլէ Սիթիէն` գրաւելու իր դիրքը:
Ստորեւ` 25-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Պրենթֆորտ – Լիվըրփուլ
Նիւքեսըլ – Պերնմաութ
Ֆուլհեմ – Ասթոն Վիլա
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Ուեսթ Հեմ
Թոթենհամ – Վուլվզ
Պըրնլի – Արսենալ
Մանչեսթըր Սիթի – Չելսի
Վաղը
Շեֆիլտ Եունայթըտ – Պրայթըն
Լիւթըն – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Երկուշաբթի
Էվըրթըն – Քրիսթըլ Փելես
Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայեր Լեւերքուզըն, որ անցեալ շաբաթավերջին 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրած էր Պայերն Միւնիխի դէմ եւ 5 կէտի առաւելութիւն մը ձեռք ձգած անոր վրայ, պիտի մրցի Հայտընհայմի դաշտին վրայ (9-րդ):
Պայերն Միւնիխ վաղը պիտի մրցի Պոխումի դաշտին վրայ, եւ որեւէ ձախող արդիւնք կրնայ պատճառ դառնալ մարզիչ Թոմաս Թուխելի պաշտօնազրկման, մանաւանդ որ խումբին վերջին ելոյթները բնաւ հաճելի չեն, եւ մարզիկները ըստ երեւոյթին գոհ չեն մարզիչէն եւ իր թաքթիքներէն:
Ստորեւ` 22-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Վոլֆսպուրկ – Տորթմունտ
Մայնց – Աուկզպուրկ
Տարմշթատ – Շթութկարթ
Հայտընհայմ – Պայեր Լեւերքուզըն
Հոֆընհայմ – Ունիոն Պերլին
Լայփցիկ – Մէօնշընկլատպախ
Վաղը
Ֆրայպուրկ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
Պոխում – Պայերն Միւնիխ
Ֆրանսայի «Լիկ Ա.»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ երէկ վերջնականապէս իմացաւ, որ Քիլիան Էմպափէ պիտի լքէ խումբը այս տարեշրջանի աւարտին, պիտի մրցի Նանթի (12-րդ) դաշտին վրայ:
Ստորեւ` 22-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Լիլ – Լը Հաւր
Նանթ – Փարիզ Սեն Ժերմեն
Վաղը
Սթրազպուրկ – Լորիան
Ռեն – Քլերմոն
Մոնփելիէ – Մեց
Մոնաքօ – Թուլուզ
Ռենս – Լանս
Պրեսթ – Մարսէյ
Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Ռէալ Մատրիտ վաղը ժամը 15:00-ին պիտի մրցի 14-րդ դիրքը գրաւող Ռայօ Վայեքանոյի դաշտին վրայ: Բ. դիրքը գրաւող Ժիրոնա երկուշաբթի պիտի մրցի Աթլեթիքօ Պիլպաոյի (5-րդ դիրք) դաշտին վրայ:
Գ. դիրքը գրաւող Պարսելոնա այսօր ժամը 19:30-ին պիտի մրցի Սելթայի (17-րդ) դաշտին վրայ:
Ստորեւ` 25-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Լաս Փալմաս
Օսասունա – Քատիս
Սելթա – Պարսելոնա
Վալենսիա – Սեւիա
Վաղը
Ռայօ Վայեքանօ – Ռէալ Մատրիտ
Կրանատա – Ալմերիա
Մայորքա – Ռէալ Սոսիետատ
Ռէալ Պեթիս – Տեփորթիւօ Ալավես
Երկուշաբթի
Աթլեթիքօ Պիլպաօ – Ժիրոնա
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Բ. դիրքը գրաւող Եուվենթուս, որ անցեալ շաբաթ կրեց իր 2-րդ յաջորդական պարտութիւնը Ուտինեզէէն, շաբաթ մը առաջ Ինթեր Միլանէն պարտուելէ ետք, պիտի փորձէ յաղթական վերադառնալ Վերոնայի դաշտէն: Ա. Սէ. Միլան իր կարգին պիտի փորձէ 3 կէտով վերադառնալ Մոնզայի դաշտէն: Ստորեւ` 25-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Նափոլի – Ճենովա
Վերոնա – Եուվենթուս
Աթալանթա – Սասուլօ
Վաղը
Լացիօ Ռոմա – Պոլոնիա
Էմփոլի – Ֆիորենթինա
Ուտինեզէ – Քալիարի
Ֆրոզինոնէ – Ա. Էս. Ռոմա
Մոնզա – Ա. Սէ. Միլան