Մարզական

Պասքեթպոլ.  Այս Կիրակի Կը Սկսի Ֆայնըլ 8-ը` Շանվիլ-ՀՄԸՄ Մրցումով

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ֆ. Ք. Շեքքա

Վաղը, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Ֆ. Ք. Շեքքայի դէմ, Սելաաթայի (Պաթրուն) դաշտին վրայ, Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն գծով: Անհամբեր կը սպասենք այս հանգրուանին, ուր 3 մրցումներ յաղթող խումբը կրնայ բարձրանալ Գ. դասակարգ, բան մը, որ երկար ժամանակէ կ՛ակնկալուի: Ամբողջ տարեշրջանի մը աշխատանքը, ուր Լեռնալիբանանի ախոյեան ալ հռչակուեցան Պուրճ Համուտի տղաքը, հիմա պիտի քաղեն այդ աշխատանքին...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ռէալ Մատրիտ 18-րդ Անգամ Ըլլալով Հասաւ Աւարտական

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ 18-րդ Անգամ Ըլլալով Հասաւ Աւարտական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի կիսաւարտականի երկրորդ սպասուած մրցումին, Ռէալ Մատրիտ Սպանիոյ մէջ կրցաւ 88-րդ վայրկեանէն ետք 2 կոլ նշանակել` փոխադարձելով Պայերն Միւնիխի կոլին: Սանթիակօ Պեռնապէօ անգամ մը եւս ականատես եղաւ կիսաւարտականի յիշատակելի մրցումի մը, ուր երկու խումբերն ալ պայքարեցան մօտ 104 վայրկեան, որմէ ետք Ռէալ վերջին 3 տարիներուն 2-րդ անգամ ըլլալով հասաւ աւարտականին: 68-րդ վայրկեանին Պայերն Միւնիխի...

«Էն. Պի. Էյ.».  Պրանսըն Վիրաւոր Վիճակով Խաղցաւ, Եւ Նիւ Եորք Յաղթեց

«Էն. Պի. Էյ.». Պրանսըն Վիրաւոր Վիճակով Խաղցաւ, Եւ Նիւ Եորք Յաղթեց

«Էն. Պի. Էյ.»-ի Արեւելեան շրջանի կիսաւարտականի մրցումի մը` Մետիսըն Սքուեր Կարտընի մէջ, Նիւ Եորք Նիքս կրցաւ ինքզինք գտնել եւ 130-121 արդիւնքով յաղթել Ինտիանա Փէյսըրզին, յառաջանալ 2-0 արդիւնքով: Ճէյլըն Պրանսըն, որ Նիւ Եորքի հերոսն էր այս եղանակին, ոտքը վիրաւորելով 2-րդ մասին բնաւ չմասնակցեցաւ` առիթ տալով, որ Ինտիանա 12 կէտի առաւելութիւն մը ձեռք ձգէ Նիւ Եորքի մէջ: Լաւ տաքնալէ եւ պատրաստուելէ ետք,...

Եոքիչ Ընտրուեցաւ 2023-2024 Տարեշրջանի «Էմ. Վի. Փի.»

Եոքիչ Ընտրուեցաւ 2023-2024 Տարեշրջանի «Էմ. Վի. Փի.»

Տենվըր Նակեթցի սենթըր Նիքոլա Եոքիչ (Սեպիա) վերջին 4 տարիներուն 3-րդ անգամ ըլլալով շահեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Էմ. Վի. Փի.»-ն (ամէնէն արժէքաւոր մարզիկը)` ստանալով Մայքըլ Ճորտըն անուան բաժակը: Անցեալ տարեշրջանին Ժոել Էմպիիտ շահած էր այս տիտղոսը: 9 տարիէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի սերպ մարզիկը եղաւ 9-րդ մարզիկը, որ 3 կամ աւելի անգամներ շահած է այս տիտղոսը` միանալով Քարիմ Ապտուլ Ժապպարի (6 տիտղոս),...

Պասքեթպոլ.  Պէյրութ Ֆըրսթ – Սաժես` 90-107

Պասքեթպոլ. Պէյրութ Ֆըրսթ – Սաժես` 90-107

Երեքշաբթի, Շիյահի դաշտին վրայ, Պէյրութ Ֆըրսթ ակումբը Ֆայնըլ 4-ի գծով իր 3-րդ ճակատումին 90-107 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սաժեսի դէմ մրցումին: Յաջորդական 3-րդ մրցումը ըլլալով, դաշտէն դուրս խաղցող խումբը ինք է, որ կը յաղթէ: Առաջին մրցումին 92-97 արդիւնքով յաղթած Սաժես, 2-րդ մրցումին իր համակիրներու ներկայութեան 101-105 արդիւնքով պարտուած էր Պէյրութի ակումբէն: Սաժեսի եւ մրցումին աստղն էր Քլէանթոնի Ըրլի, որ 35...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Տղոց Խումբը «Ցնցած» Է Գաղութը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ` Ֆ. Ք. Շեքքա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այս շաբաթավերջին կը սկսին Լիբանանի Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի առաջին շաբթուան մրցումները: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, շաբաթ օր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը, Սելաաթայի դաշտին վրայ (Պաթրուն), Ֆ. Ք. Շեքքայի դէմ: Շեքքա, որ հիւսիսային Լիբանանի ախոյեանութեան վերջնական դասաւորման 3-րդ դիրքը գրաւած էր, իր դէմ պիտի ունենայ Լեռնալիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ...

Թենիս.  Հռոմի Բաց Մրցաշարքը Վերջին Պատրաստութիւն` Ռոլան Կարոսի

Թենիս. Հռոմի Բաց Մրցաշարքը Վերջին Պատրաստութիւն` Ռոլան Կարոսի

Այս շաբաթ Հռոմի մէջ (Իտալիա) սկսաւ թենիսի տղոց եւ աղջկանց բաց մրցաշարքը: Անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած Մատրիտի մրցաշարքը վերջ գտած էր Անտրէ Ռուպլեւի յաղթանակով, որ աւարտականին պարտութեան մատնած էր քանատացի Ֆելիքս Օժէ Ալիասիմը` 4-6, 7-5 եւ 7-5 արդիւնքով: Աղջկանց մրցաշարքն ալ շահած էր թիւ 1 թենիսվումըն Իկա Շվիաթեք (Լեհաստան), որ 2 մեչ-փոյնթ փրկելէ ետք կրցաւ պարտութեան մատնել թիւ 2 Արինա...

«Էն. Պի. Էյ.»  Մինեսոթա Կը Յառաջանայ Տենվըրի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.» Մինեսոթա Կը Յառաջանայ Տենվըրի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, ուր Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու կիսաւարտականի մրցումները յստակացան: Արեւմտեան շրջանին մէջ կանուխ հասած խումբեր Տենվըր Նակեթց (թիւ 2) եւ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ (թիւ 3) արդէն իսկ կատարեցին իրենց 2-րդ ճակատումը` Տենվըրի մէջ: Անցեալ տարուան ախոյեան Տենվըր Նակեթց, որ անցեալ եղանակին անզսպելի էր, այս եղանակին զսպելի դարձած է, բան մը, որ Մինեսոթայի դէմ ճակատումներուն կը փաստուի: Առաջին...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Քիլիան Էմպափէ Վերջին Մրցումը Կատարեց Փարիզի Շապիկով

«Չեմփիընզ Լիկ». Քիլիան Էմպափէ Վերջին Մրցումը Կատարեց Փարիզի Շապիկով

Ֆրանսայի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ երեքշաբթի գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով իր վերջին մրցումը կատարեց Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, որ 1-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք դուրս մնաց Գերմանիոյ Տորթմունտի դէմ մրցումին: Երթին 1-0 արդիւնքով պարտուած ֆրանսական ակումբը ճնշեց անգամ մը եւս, սակայն Տորթմունտ մնաց անսխալ: Ոչ միայն Տորթմունտի պաշտպանները եւ բերդապահը, այլ նաեւ Տորթմունտի բերդապահ Քոպելի բերդի սիւները եւ ձողը նոյնիսկ...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Ռիատի 86-102

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Ռիատի 86-102

ՀՄԸՄ կիրակի օր 86-102 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռիատիի դէմ 2-րդ ճակատումին, ախոյեանութեան կիսաւարտականի (Ֆայնըլ 4-ի) գծով: ՀՄԸՄ մրցումի սկիզբը շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուէր եւ 28-27 արդիւնքով յաղթական աւարտեց առաջին մասը: 2-րդ մասին սակայն ամէն ինչ փոխուեցաւ, եւ Ռիատի մէկ կողմէ կրցաւ աւելի լաւ պաշտպանել, մինչ ՀՄԸՄ-ի տղաքը միւս կողմէ բաւական առիթներ կորսնցուցին: Հասակի եւ պահեստի մարզիկներու հսկայ...

Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին Նուիրուած Աւանդութիւն Դարձած Հեծելարշաւի Մրցում

Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին Նուիրուած Աւանդութիւն Դարձած Հեծելարշաւի Մրցում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին, համագործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հեծելարշաւի յանձնախումբին, կիրակի, 5 մայիս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատամարտի լիբանանահայ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած աւանդութիւն դարձած հեծելարշաւի մրցումը, այս տարի գերազանցելով նախորդ տարիներուն թիւերը` աւելի քան 60 մասնակիցներով: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Սէրուժ Խանճիհանեան, որ շեշտեց, թէ ԼԵՄ-ականը, ինչպէս...

Չեմփիընզ Լիկ.  Այսէր` Ռէալ Մատրիտ – Պայերն Միւնիխ

Չեմփիընզ Լիկ. Այսէր` Ռէալ Մատրիտ – Պայերն Միւնիխ

Այսօր տեղի կ՛ունենայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի սպասուած մրցումը` Ռէալ Մատրիտի եւ Պայերն Միւնիխի միջեւ: Ռէալ Մատրիտ 14 անգամ շահած է այս բաժակը (մրցանիշ), իսկ Պայերն` 6: Ռէալ Մատրիտ պիտի փորձէ 18-րդ անգամ ըլլալով հասնիլ աւարտականին, ուր միայն 3 անգամ պարտուած է Պենֆիքայէն (1962-ին), Ինթեր Միլանէն (1964) եւ Լիվըրփուլէն (1981): Պայերն Միւնիխ իր կարգին կը փորձէ 12-րդ անգամ...

Ֆորմիւլա 1.  Նորիս Իր Ասպարէզի Առաջին Կրան Փրին Շահեցաւ

Ֆորմիւլա 1. Նորիս Իր Ասպարէզի Առաջին Կրան Փրին Շահեցաւ

24 տարեկան բրիտանացի վարորդ Լանտօ Նորիս կիրակի գիշեր շահեցաւ Մայեմիի կրան փրին: Ֆորմիւլա 1-ի մէջ իր 6-րդ տարեշրջանը կատարող Նորիս, իր Մաքլարենով լաւապէս օգտուեցաւ աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափընի սխալէն, առաւել Մակնուսըն-Սարճընթ արկածէն, որ ստիպեց սէյֆթի քարը, ուր Նորիս անիւ փոխելու ժամանակէն օգտուեցաւ, մինչ Վերշթափըն արդէն իսկ մտած էր փոխելու իր սխալէն ետք ստուգելու ինքնաշարժին վիճակը: Արդարեւ, Վերշթափըն դարձուածքի մը վրայ...

Պասքեթպոլ.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ-Ռիատի

Պասքեթպոլ. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ-Ռիատի

Այս կիրակի յետմիջօրէի ժամը 4:45-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ պիտի հիւրընկալէ Ռիատին, Ֆայնըլ 4-ի 2-րդ ճակատումին: Առաջին ճակատումին, Ռիատի 107-88 արդիւնքով յաղթական դուրս եկած էր, բայց մեր դաշտին վրայ ամէն ինչ կրնայ փոխուիլ: Մեր համակիրներուն հետ միասին, խումբը կրնայ 6-րդ մարզիկի առաւելութենէն օգտուիլ` յաղթելու Ռիատիին: Ռիատի չորեքշաբթի օր Ուասլի մրցաշարքի աւարտականի 2-րդ ճակատումին...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Աւարտականն Հանգրուան.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Շեքքա Առաջին Մրցումին

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Աւարտականն Հանգրուան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Շեքքա Առաջին Մրցումին

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը չորեքշաբթի օր կատարեց Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի վիճակաձգութիւնը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իր դէմ պիտի ունենայ հարաւային Լիբանանի ախոյեան Շապապ Ատլունը, Պեքաայի ախոյեան Ղատ Աֆտալը, Պէյրութի ախոյեան լիբանանեան բանակը, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Լիբանանի 2-րդ դիրքը գրաւող Անսար Մաուատան եւ 3-րդ դիրքը գրաւող Ֆ. Ք. Շեքքան: Ա. խմբակին մաս կը կազմեն հիւսիսային Լիբանանի ախոյեան...

Չեմփիընզ Լիկ.  Տորթմունտի Չնչին Յաղթանակը Եւ Ռէալի Պատիժը…

Չեմփիընզ Լիկ. Տորթմունտի Չնչին Յաղթանակը Եւ Ռէալի Պատիժը…

Շաբթուան կիսուն տեղի ունեցան այս տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականի երթի մրցումները` Գերմանիոյ մէջ: Երեքշաբթի գիշեր, Պայէրն Միւնիխ հիւրընկալեց Ռէալ Մատրիտը, իսկ յաջորդ օրը` Տորթմունտ հիւրընկալեց Փարիզ Սեն Ժերմենը: Պայէրն Միւնիխ շատ լաւ սկսած էր մրցումը, բայց Ռէալ Մատրիտ, որ այս մրցաշարքի ամէնէն փորձառու խումբը կը նկատուի (14 տիտղոս), 1-2 փոխանցումով խաղի մը արդիւնքը կրնայ փոխել: Արդարեւ, 24-րդ վայրկեանին գնդակը հասաւ...

Ֆորմիւլա 1.  Այս Կիրակի` Մայեմիի Կրան Փըրին

Ֆորմիւլա 1. Այս Կիրակի` Մայեմիի Կրան Փըրին

Այս կիրակի տեղի պիտի ունենայ 2024-ի 6-րդ կրան փըրին Մայեմիի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ: «Հարտ Ռոք Սթետիում»-ի մէջ տեղի ունեցող շրջավազքը 5.412 քմ երկարութիւն ունի եւ կը բաղկանայ 57 շրջանէ: 2023-ին Ռետ Պուլի վարորդ Սերխիօ Փերես (Մեքսիքա) շահած էր փոլ-փոզիշընը (մրցումը առաջին դիրքէն սկսելու իրաւասութիւն), բայց մրցումը շահած էր իր խմբակից եւ վերջին երեք տարիներու ախոյեան Մաքս Վերշթափըթն (Նետերլանտներ): Այս կրան...

«Էն. Պի. Էյ.» Սելթիքս Դուրս Ձգեց Փոխախոյեան Հիթը. Տալաս Յաղթեց Լոս Անճելըսի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.» Սելթիքս Դուրս Ձգեց Փոխախոյեան Հիթը. Տալաս Յաղթեց Լոս Անճելըսի Մէջ

Վերջին երկու օրերուն «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի առաջին հանգրուանի մրցումները շարունակուեցան եւ «տաք» մրցումներէ ետք, միայն Պոսթըն Սելթիքս խումբը եղաւ կիսաւարտականի տոմս ապահովող խումբերէն յաղթելէ ետք Մայեմի Հիթին, 118-84 արդիւնքով: Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ եւ Միլուոքի Պաքս, որոնք 3-1 արդիւնքէն ետ կը մնային յաջորդաբար Նիւ Եորք Նիքսէն եւ Ինտիանա Փէյսըրզէն, կրցան 5-րդ ճակատումները յաղթել եւ յոյսերնին պահել` հասնելու Արեւելեան շրջանի կիսաւարտական:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պէյրութ – Սաժես 92-97

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ – Սաժես 92-97

Երկուշաբթի գիշեր, Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումի առաջին մրցումին, Պէյրութ Ֆըրսթ Շիյահի իր դաշտին վրայ պարտութիւն մը կրեց Սաժեսէն, 92-97 արդիւնքով: Սաժես շատ աւելի լաւ ելոյթ ունեցաւ, քան Պէյրութ, որմէ փայլեցան միայն Տար Թաքըր (31 կէտ) եւ Ալի Հայտար (26 կէտ, 8 ռիպաունտ), մինչ Սաժեսէն Քլէանթոնի Ըրլի (27 կէտ, 7 ռիպաունտ), Նիքոլաս Ռաքոսեւիչ (20 կէտ, 12 ռիպաունտ), Ճոնաթըն Կիպսըն...

Թենիս.  Խաչանով Պարտուեցաւ Սինըրէն

Թենիս. Խաչանով Պարտուեցաւ Սինըրէն

Ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով Մատրիտի (Սպանիա) թենիսի մրցաշարքի 1/16-րդ հանգրուանին սեթ մը, յաղթելէ ետք թիւ 1 դասուած Եաննիք Սինըրի դէմ 7-5 արդիւնքով, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով 2 սեթ կորսնցուց եւ դուրս մնաց: Թիւ 2 դասուած Քարլոս Ալխարաս (Սպանիա) 6-3, 6-7 եւ 7-6 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը տարաւ Եան-Լենարտ Սթարֆի (Գերմանիա) վրայ: Թիւ 4 դասուած Ալեքսանտր Զվերեւ 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով...

Page 211 of 1281 1 … 210 211 212 … 1,281

Արխիւներ