«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի կիսաւարտականի երկրորդ սպասուած մրցումին, Ռէալ Մատրիտ Սպանիոյ մէջ կրցաւ 88-րդ վայրկեանէն ետք 2 կոլ նշանակել` փոխադարձելով Պայերն Միւնիխի կոլին:
Սանթիակօ Պեռնապէօ անգամ մը եւս ականատես եղաւ կիսաւարտականի յիշատակելի մրցումի մը, ուր երկու խումբերն ալ պայքարեցան մօտ 104 վայրկեան, որմէ ետք Ռէալ վերջին 3 տարիներուն 2-րդ անգամ ըլլալով հասաւ աւարտականին:
68-րդ վայրկեանին Պայերն Միւնիխի յետսապահ Ալֆոնսօ Տէյվիս, որ փոխարինած էր Սերժ Կնապրին (վիրաւոր` 27-րդ վայրկեանին) նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, գեղեցիկ հարուածէ մը ետք:
81-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Խոսելու` փոխարինելով Ռէալի միջնապահ Ֆետերիքօ Վալվերտէն: 88-րդ վայրկեանին Պայերն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նոյըր որ 5 անզսպելի հարուածներ զսպած էր նախապէս, չկրցաւ լաւ ձեւով զսպել Վինիսիուս Ճունիորի հարուածը, եւ վրայ հասաւ Խոսելու, որ գնդակը զետեղեց Պայերնի բերդին մէջ:
Պայերն անակնկալի մատնուած էր եւ արդէն իսկ փոխարինած Լիրոյ Սանէն (վիրաւոր), Ժամալ Մուսիալան (վիրաւոր), եւ Հերի Քէյնը (յոգնած) շատ յոյս չունէր կոլ նշանակելու, պիտի փորձէր միայն պաշտպանուիլ, յոյսով, որ փենալթիներու հասնի:
91-րդ վայրկեանին քոռնըրէ մը ետք գնդակը հասաւ Ռէալի յետսապահ Անթոնիօ Ռուտիկըրի, որ կասկածելի դիրքի վրայ էր եւ փոխանցեց Խոսելուին, որ առանձին գնդակը զետեղեց բերդին մէջ: Իրաւարարը ՎԱՐ-ին նայելով հաստատեց կոլին «մաքուր» ըլլալը, եւ մրցումը շարունակուեցաւ:
102-րդ վայրկեանին, ազատ հարուածէ մը ետք գնդակը հասաւ Նուսէյր Մազրաուիի եւ Մաթայս Տը Լիիթի, որ առանձին գնաց նշանակելու կոլ մը, սակայն ծայրի իրաւարարը զարմանալիօրէն օֆ-սայթի դրօշը բարձրացուցած էր, բան մը, որ ստիպած էր կեդրոնի իրաւարարին, որ սուլէ: Ճիշդ այս պատճառով ալ չդիմուեցաւ ՎԱՐ-ին, հակառակ Պայերնի մարզիկներուն գանգատներուն:
Մրցումէն ետք ծայրի իրաւարարը ներողութիւն խնդրած է Տը Լիխթէն եւ Պայերնի մարզիչ Թոմաս Թուխելէն` շատ արագ որոշում տալուն համար… Բան մը, որ արդէն անիմաստ էր:
Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի «Չեմփիընզ լիկ»-ի 6-րդ աւարտականին հասաւ 3-րդ անգամ ըլլալով Ռէալի հետ: Ան նախապէս 3 անգամ Ա. Սէ. Միլանի հետ ալ հասած էր աւարտական (2005-ին Լիվըրփուլի դէմ պարտուած):
Այս անգամ Ռէալի մրցակիցը Պորուսիա Տորթմունտն է, որ օր մը առաջ դուրս ձգած էր Փարիզ Սեն Ժերմենը:
Տորթմունտ նախապէս 2 անգամ հասած է աւարտականին` շահելով 1997-ին Եուվենթուսին դէմ (3-1), իսկ պարտուելով 2013-ին Պայերն Միւնիխէն, Ուեմպլիի մէջ: