Այսօր տեղի կ՛ունենայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի սպասուած մրցումը` Ռէալ Մատրիտի եւ Պայերն Միւնիխի միջեւ:
Ռէալ Մատրիտ 14 անգամ շահած է այս բաժակը (մրցանիշ), իսկ Պայերն` 6: Ռէալ Մատրիտ պիտի փորձէ 18-րդ անգամ ըլլալով հասնիլ աւարտականին, ուր միայն 3 անգամ պարտուած է Պենֆիքայէն (1962-ին), Ինթեր Միլանէն (1964) եւ Լիվըրփուլէն (1981):
Պայերն Միւնիխ իր կարգին կը փորձէ 12-րդ անգամ ըլլալով հասնիլ աւարտական, ուր 5 անգամ պարտուած է Ասթոն Վիլայէն (1982), Փորթոյէն (1987), Մանչեսթըր Եունայթըտէն (1999), Ինթեր Միլանէն (2010) եւ Չելսիէն (2012):
«Չեմփիընզ լիկ»-ի պարագային Ռէալ Մատրիտէն աւելի խումբ չկայ, որ Պայերն Միւնիխին յաղթած է (11 մրցում), մինչ Պայերնն ալ միակ խումբն է, որ 12 յաղթանակ տարած է Ռէալ Մատրիտի դէմ:
Ըստ Թոմաս Միւլըրի, Պայերն հաւասար յոյսեր ունի յաղթելու Ռէալին, որ պիտի փորձէ յաղթելու համար խաղալ իր դաշտին վրայ, բան մը, որ կը սիրէ Թոմաս Թուխել` Պայերնի մարզիչը, որ կը նախընտրէ, որ մրցակիցը ճնշէ իր խումբին վրայ եւ ինք հակայարձակումներով անակնկալի բերէ մրցակիցը:
Երթի մրցումին նման կը սպասուի, որ Ռէալ օգտուի Պայերնի սխալներէն, մինչ Պայերն պիտի փորձէ առիթները կոլի վերածել, բան մը, որ այս տարեշրջանին դժուար կ՛ըլլայ: Մեծ թիւով կոլի առիթներ ստեղծելը բան մըն է, կոլ նշանակելը` ուրիշ բան: