Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Ռիատի 86-102

Մայիս 8, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ կիրակի օր 86-102 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռիատիի դէմ 2-րդ ճակատումին, ախոյեանութեան կիսաւարտականի (Ֆայնըլ 4-ի) գծով:

ՀՄԸՄ մրցումի սկիզբը շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուէր եւ 28-27 արդիւնքով յաղթական աւարտեց առաջին մասը:

2-րդ մասին սակայն ամէն ինչ փոխուեցաւ, եւ Ռիատի մէկ կողմէ կրցաւ աւելի լաւ պաշտպանել, մինչ ՀՄԸՄ-ի տղաքը միւս կողմէ բաւական առիթներ կորսնցուցին: Հասակի եւ պահեստի մարզիկներու հսկայ առաւելութիւն ունէր մեր մրցակիցը, մինչ համակիրները, որոնք պէտք է օգնէին… տարուած էին մրցակիցին հայհոյելով, քան մեր տղոց քաջալերելով: Իրաւարարներու խնդիրը նոյնն է… պասքեթպոլի մակարդակի համեմատ իրաւարարներ չկան եւ գրեթէ նոյն եռեակը կը ղեկավարէ մրցումները:

Մինչեւ կիսախաղ Զեք Լոֆթըն 13 կէտ նշանակած էր, մինչ Ժատ Խալիլ, խմբապետ Ժերար Հատիտեան եւ Տուէյն Ճեքսըն` 8-ական կէտեր: Ճիմի Սալեմ 5 կէտ նշանակեց, մինչ Ճամալ Ճոնզ եւ Կապրիէլ Աճէմեան` 2-ական կէտեր:

Զարմանալի էր Կապրիէլ Աճէմեանի միայն 17 վայրկեան մասնակցիլը մրցումին, ի նպաստ Ճիմի Սալեմի, որ համեմատաբար աւելի լաւ էր նախկին մրցումներէն:

Կիսախաղին 46-57 արդիւնքով յառաջացած Ռիատի 3-րդ մասին նոյն ընթացքով շարունակեց մրցումը, ուր ՀՄԸՄ միայն 13 կէտ նշանակեց, Ռիատիի 25-ին դիմաց:

4-րդ եւ վերջին մասին, ՀՄԸՄ կրցաւ 27 կէտ նշանակել Ռիատիի 20-ին դիմաց: Զեք Լոֆթըն 37 վայրկեան մասնակցեցաւ` նշանակելով 26 կէտ եւ 10 ռիպաունտ, իր տապըլ տապըլ իրագործելով խմբապետ Ժերար Հատիտեանի հետ, որ 35 վայրկեաններու ընթացքին նշանակեց 15 կէտ` կատարելով 14 ռիպաունտ: Իւրայատուկ էին Հատիտեանի մէկ պլոքը եւ տանքը 2,14 մեթր թոն Մէյքըրի վրայ: Ժերար, որ իրմէ 12 սմ աւելի երկար մրցակիցին վրայ անվախօրէն գնդակը զետեղեց կողովին մէջ, այս տարուան ախոյեանութեան ամէնէն աւելի յառաջդիմած մարզիկն է:

Մրցումի աւարտին պէտք է ընդունիլ, որ

այս տարուան նպատակին հասաւ խումբը, ինչ որ կիսաւարտականին հասնիլն էր: Վստահաբար ախոյեանութեան համար պայքարելու խումբ կարելի չէ կազմել 1 տարեշրջանի ընթացքին:

Համակիրներէն շատ բան կը սպասուէր աւելի քաջալերելով խումբը, բան մը, որ արդէն իսկ ուշ է, եւ հաւանական է, որ ասիկա տարեշրջանի վերջին մրցումը կրնայ ըլլալ, անշուշտ եթէ անակնկալ մը կատարելով Ռիատիի Մանարայի դաշտին վրայ 3-րդ մրցումը չյաղթենք շաբաթ օր ժամը 21:45-ին:

 

Նախորդը

Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին Նուիրուած Աւանդութիւն Դարձած Հեծելարշաւի Մրցում

Յաջորդը

Համաս Ընդունեց Առաջարկուած Գործարքը, Իսրայէլ Գրաւեց Ռաֆահի Անցակէտի Պաղեստինեան Կողմը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ամալ Սալամ Զղարթա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ամալ Սալամ Զղարթա

Օգոստոս 20, 2025
Նոր «Հիւանդութիւն» Մը`  Միջազգային Ֆութպոլին Մէջ
Մարզական

Նոր «Հիւանդութիւն» Մը` Միջազգային Ֆութպոլին Մէջ

Օգոստոս 20, 2025
«Չեմփիընզ Լիկ».  «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Հրապարակեց Ակումբներու  Դասաւորումը` 2025-2026 Տարեշրջանի Մեկնարկէն Առաջ
Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Հրապարակեց Ակումբներու Դասաւորումը` 2025-2026 Տարեշրջանի Մեկնարկէն Առաջ

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?