Մարզական

Լայսթըր Գերազանցեց Մանչեսթըր Սիթին…

Լայսթըր Գերազանցեց Մանչեսթըր Սիթին…

Երկուշաբթի գիշեր, Անգլիոյ Լայսթըր Սիթի ակումբը շահեցաւ Բ. դասակարգի տիտղոսը` «Չեմփիընշիփ»-ը, երբ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Փրեսթընի, այս վերջինիս դաշտին վրայ: Ճէյմի Վարտի (2) եւ Քէյսի Մաքաթիր նշանակեցին «աղուէսներ»-ուն 3 անպատասխան կոլերը: Լայսթըր 8-րդ անգամ ըլլալով շահեցաւ Անգլիոյ Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը` բարելաւելով Մանչեսթըր Սիթիի մրցանիշը (7 տիտղոս): Լայսթըր, որ անցեալ տարեշրջանին ինկած էր Բ. դասակարգ, կրցաւ վերադառնալ 1 տարեշրջանի ժամանակամիջոցին: Բ....

«Էն. Պի. Էյ.»  Լըպրոն Ճէյմս Տիւրենթի  Եւ Քըրրիի Հետեւեցաւ…

«Էն. Պի. Էյ.» Լըպրոն Ճէյմս Տիւրենթի Եւ Քըրրիի Հետեւեցաւ…

Երէկ վերջ գտաւ Լըպրոն Ճէյմսի 21-րդ տարեշրջանը, երբ իր խումբը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անցեալ տարուան ախոյեան Տենվըր Նակեթցէն, այս վերջինիս Պոլ Արենա դաշտին մէջ: Երէկ կը կարծուէր, թէ Լէյքըրզ յաղթանակ պիտի արձանագրէ, մանաւանդ որ մրցումի առաջին կիսախաղին Լէյքըրզ 9 կէտի առաւելութիւն ձեռք ձգեց: Սակայն Տենվըր կրցաւ պէտք եղածը իրագործել եւ չնչին առաւելութեամբ պարտութեան մատնել Լոս...

Սեննա 30 Տարի Առաջ Այս Օրը Մահացաւ

Սեննա 30 Տարի Առաջ Այս Օրը Մահացաւ

30 տարի առաջ, Այրթոն Սեննա 200 քմ արագութեան վրայ պատին զարնուելով կորսնցուց իր կեանքը` Իմոլայի կրան փրիին: Սեննայի մահուան ձգած բացը տակաւին զգալի է մինչեւ օրս: Անձ մը ողջ կը մնայ, այնքան ատեն որ կը յիշուի: Իմոլա, Իտալիա: 1 երկվայրկեան, 1 մայիս 1994: Երկիր մը կը սառի: Ֆութպոլի մրցումներ կ՛ընդմիջուին: Մարզիկներ իրենց ծունկերուն վրայ նստած խոտերուն վրայ... անհաւատալի լուր: Մարզական...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Ռէալ Մատրիտ

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Ռէալ Մատրիտ

Այսօր Միւնիխի (Գերմանիա) Ալիանց Արինա դաշտը պիտի հիւրընկալէ այս տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի առաջին կիսաւարտականի մրցումը, Պայերն Միւնիխի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ: 6 անգամ «Չեմփիընզ լիկ»-ը շահած Պայերն իր դէմ ունի 14 անգամ տիտղոսակիր Ռէալը, որ այս մրցաշարքի ամէնէն արդիւնաւէտ ակումբն է: Երկու խումբերն ալ քառորդ աւարտականին դուրս ձգեցին անգլիական ակումբներ, Պայերն` Արսենալը, իսկ Ռէալ` Մանչեսթըր Սիթին (անցեալ տարուան տիտղոսակիր): Քարլօ...

Բռնցքամարտ.  Հայաստան 2 Արծաթ Եւ 5 Պրոնզ Մետալներով Աւարտեց Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը

Բռնցքամարտ. Հայաստան 2 Արծաթ Եւ 5 Պրոնզ Մետալներով Աւարտեց Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը

Կիրակի գիշեր վերջ գտաւ Պելկրատի մէջ (Սերպիա) տեղի ունեցած բռնցքամարտի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: 92 քկ կշիռի աւարտական մրցումին, Հայաստանի ազգային խումբի անդամ Նարեկ Մանասեան վիրաւոր ըլլալով չներկայացաւ ռուս մրցակիցին դէմ եւ արծաթ մետալով բաւարարուեցաւ: Արծաթէ մետալ շահած էր նաեւ 48 քկ կշիռի մասնակից Բարեղամ Յարութիւնեան: 57 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Արթուր Բազեան, 60 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Արթուր Սահակեան, 50 քկ կշիռի ներկայացուցիչ...

Ճիւտօ. Հայաստան 3 Արծաթէ Մետալ Շահեցաւ

Ճիւտօ. Հայաստան 3 Արծաթէ Մետալ Շահեցաւ

Վրաստանի Թելաւի քաղաքին մէջ վերջ գտաւ ճիւտոյի պատանիներու Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի հաւաքականը 3 արծաթէ մետալ ձեռք ձգեց: 50 քկ մրցումներուն Հրազդանի մանկապատանեկան մարզադպրոցի սան Արթուր Դաւիթեան, 55 քկ կշիռի մրցումներուն Արմավիրի մանկապատանեկան մարզադպրոցի սան Հայկ Դարբինեան, ինչպէս նաեւ 27 քկ կշիռի մրցումներուն Մարալիկի մանկապատանեկան մարզադպրոցի սան Սուսաննա Մանուկեան դարձան արծաթէ մետալակիրներ:

«Էն.Պի.Էյ.» Քլիփըրզ Յաղթեց Տալասի Մէջ. Սանզ Դուրս Մնաց

«Էն.Պի.Էյ.» Քլիփըրզ Յաղթեց Տալասի Մէջ. Սանզ Դուրս Մնաց

Երէկ «Էն.Պի.Է.»-ի փլէյ օֆի մրցումները շարունակուեցան, եւ Թեքսասի մէջ Տալաս Մեւրիքս չկրցաւ իր 20.411 համակիրները ուրախացնել եւ 116-111 արդիւնքով տեղի տուաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի առջեւ: Մրցումին սկիզբէն Քլիփըրզ իշխած էր եւ 31 կէտի առաւելութիւն մըն ալ ունեցաւ` օգտուելով Լուքա Տոնչիչի «թոյլ» ելոյթէն, որ չկրցաւ լաւ ձեւով պաշտպանել: Տոնչիչ ծունկի ցաւ ունէր եւ մրցումին կրնար չմասնակցիլ նոյնիսկ, բայց տաքնալէ ետք որոշեց...

Թենիս. Հողով Ծածկուած Դաշտերու Մրցաշարքերը Սկսան

Թենիս. Հողով Ծածկուած Դաշտերու Մրցաշարքերը Սկսան

Յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք հողով ծածկուած Ռոլանտ Կարոսի (Ֆրանսա) թենիսի մրցաշարքին պատրաստուելու համար, արդէն իսկ սկսած են նոյն ձեւի դաշտերու մրցաշարքերը: Մատրիտի մէջ տեղի կ՛ունենան տղոց եւ աղջկանց մրցաշարքերը, որոնք տղոց «Էյ.Թի.Փի.» մասթըրզ 1000» մրցաշարքերուն մաս կը կազմեն, իսկ աղջկանց |տապըլեու.թի.էյ. 1000» մրցաշարքերուն մաս կը կազմեն: Անցեալ շաբաթ սկսած տղոց մրցաշարքին մաս կը կազմեն իտալացի Եաննիք Սինըրի, սպանացի Քարլոս Ալքարաւի...

Պասքեթպոլ.  Ռիատի – ՀՄԸՄ 107-88

Պասքեթպոլ. Ռիատի – ՀՄԸՄ 107-88

Երէկ Մանարայի դաշտին վրայ սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի կիսաւարտականի կամ Ֆայնըլ 4-ի մրցումները: Ռիատի առաջին մասին տիրապետեց ՀՄԸՄ-ի վրայ, որ 16 օր դադարէ ետք չկրցաւ արագ ձեւով մտնել մրցումի մթնոլորտին մէջ: Ժատ-Ժերար-Կապրիէլ-Լոֆթըն-Ճեքսըն հնգեակը տարբեր մակարդակի ելոյթներ ունեցան: Ժատ Խալիլ հաւանաբար իր ամէնէն վատ մրցումը կատարեց ՀՄԸՄ-ի շապիկով: Ան 29 վայրկեանի ընթացքին 4 կէտ, 5 էսիսթ եւ 3 ֆաուլ կատարեց: Խմբապետ Ժերար...

Այա Նափայի Պատանիներու Մրցաշարք.  Սօսէ Սեփէթճեան Կը Փայլի Կիպրոսի Մէջ

Այա Նափայի Պատանիներու Մրցաշարք. Սօսէ Սեփէթճեան Կը Փայլի Կիպրոսի Մէջ

Այա Նափայի (Կիպրոս) մէջ տեղի կ՛ունենայ պատանիներու միջազգային ակադեմիաներու մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աթլեթիքօ ակադեմիան, որուն 15 տարեկանէն վար պատանիներու տղոց խումբին մաս կը կազմէ լիբանանահայ Սօսէ Սեփէթճեան: Սօսէ Սեփէթճեան կը փայլի տղոց խումբերու մրցաշարքին: Ան առաջին մրցումին կիպրական Մաւրուտես Քորվըր ակադեմիային դէմ (8-5) յաղթանակին կոլ մը նշանակեց եւ 2 կոլերու էսիսթներ տուաւ: Երկրորդ մրցումին, Սօսէ Սեփէթճեան...

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Կրցաւ Յաղթել Մրցում Մը.  Մեճիք Հաւասարեցաւ (2-2)

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Կրցաւ Յաղթել Մրցում Մը. Մեճիք Հաւասարեցաւ (2-2)

«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի մրցումները սկսան մէկ շաբաթ առաջ: Երէկ Լոս Անճելըսի մէջ Լէյքըրզ 3 պարտութիւն կրելէ ետք ախոյեան Տենվըր Նակեթցէի, կրցաւ 4-րդ մրցումին 119-108 արդիւնքով յաղթել: Անթոնի Տէյվիս 25 կէտ եւ 23 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` կատարելով շահ լաւ պաշտպանողական մրցում մը: Հակառակ Նիքոլա Եոքիչի թրիփըլ-տապըլին (33 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 14 էսիսթ), Տենվըր չկրցաւ մրցումին սկիզբէն քայլ պահել...

Բռնցքամարտ.  Բարեղամ Յարութիւնեան`  Եւրոպայի Փոխախոյեան

Բռնցքամարտ. Բարեղամ Յարութիւնեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

Հայաստանի բռնցքամարտի ազգային խումբի անդամ Բարեղամ Յարութիւնեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան 48 քկ կշիռի աւարտական մրցումին, Բարեղամ Յարութիւնեան 5-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած է Ռուսիան ներկայացնող Էտմոնտ Խուտոյեանէն: Նախապէս կիներու ազգային խումբի անդամներ Անի Յովսէփեան եւ Անուշ Գրիգորեան շահած էին պրոնզէ մետալներ, մինչ տղոց խումբէն Արթուր Բաղեան, Արթուր Սահակեան...

Մարմնամարզ.  Համլեթ Մանուկեան` Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեան

Մարմնամարզ. Համլեթ Մանուկեան` Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեան

Հայաստանի մարմնամարզութեան երիտասարդներու ազգային խումբի անդամ Համլեթ Մանուկեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան, մինչ Մամիկոն Խաչատրեան պրոնզէ մետալ շահեցաւ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի իտալական Ռեմինի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող մարմնամարզութեան երիտասարդներու ախոյեանութեան առանձին գործիքներու նժոյգ-թափերու աւարտականին, Համլեթ Մանուկեան 14.500 կէտ հաւաքելով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: Հայաստանի ազգային խումբի անդամ Մամիկոն Խաչատրեան 14.266 կէտ հաւաքելով արժանացաւ պրոնզէ մետալին:

«Փրեմիեր Լիկ».  Արսենալ Եւ Սիթի Կը Պայքարին Դառնալու Ախոյեան

«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալ Եւ Սիթի Կը Պայքարին Դառնալու Ախոյեան

Շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 35-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց աւարտին Լիվըրփուլ Ուեսթ Համի դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք, գրեթէ յոյսերը կորսնցուց պայքարելու ախոյեանութեան տիտղոսին համար, աւարտէն 3 մրցումներ առաջ: Լիվըրփուլ, որ բաւական անբախտ էր վերջին քանի մը մրցումներուն, որոնց ընթացքին մեծ թիւով առիթներ կը կորսնցնէ, վերջին 5 մրցումներուն միայն 1 յաղթանակ արձանագրած է` 2 հաւասարութիւն եւ...

Նշմար. Դէպի՛ Յաղթանակ

Նշմար. Դէպի՛ Յաղթանակ

ՅՈՒՆԻՔ Շնորհաւո՛ր ըլլայ, ՀՄԸՄ: Շնորհաւո՛ր ըլլայ, հայ ազգ: Շնորհաւո՛ր ըլլայ, լիբանանահայութիւն: Վերջին բաժակը, որուն արժանացանք, 2018 թուականի Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութիւնն էր: Տարիներէ ի վեր սպասուած համակիրներու ուրախութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ ֆութպոլի խումբը արժանացաւ բաժակին: Մեր համակիրները վերստին վայելեցին իրենց շատ սիրելի խումբի յաղթանակին ուրախութիւնը: Երէկ` Լեռնալիբանանի չորրորդ դասակարգի ախոյեան, իսկ այսօր` Լեռնալիբանանի գերբաժակի ախոյեան... Այսպէս, յառա՛ջ դէպի երրորդ դասակարգ:...

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ.  Ֆութպոլի Ախոյեանները Եւ Պասքեթպոլի Արդիւնքները

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Ֆութպոլի Ախոյեանները Եւ Պասքեթպոլի Արդիւնքները

Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած 2023-2024 տարեշրջանի մինի ֆութպոլի աւարտականի, ինչպէս նաեւ 3-րդ դիրքի մրցումները: Աղջկանց մրցումներուն պարագային, երկու մրցումներն ալ հետաքրքրական էին: 3-րդ դիրքի մրցումը` Ճեմարանի եւ Շամլեան-Թաթիկեանի միջեւ, վերջ գտաւ հաւասարութեամբ, եւ երկարաձգումին, Ճեմարան կրցաւ կոլ մը նշանակել եւ աւարտել մրցումը: Աւարտականին, Յառաջ Գ.-Կիւլպէնկեան քոլեճ 1-1 արդիւնքով աւարտելէ ետք Միացեալ վարժարանի դէմ իր մրցումը, փենալթիներով...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթանակով Սկսաւ Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթանակով Սկսաւ Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը

Անցեալ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի Դ. դասակարգի տղոց ախոյեանութիւնը, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս 75-62 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Շիրահ Պուարի խումբին դէմ: Մրցումը տեղի ունեցաւ Ատապ ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի դաշտին վրայ, եւ ՀՄԸՄ-ի տղաքը պահ մը 26 կէտով ալ հեռացան մրցակիցէն` առիթ տալով գրեթէ բոլոր մարզիկներուն, որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն մրցումին: Յուսանք, որ այս յաղթանակին կը յաջորդեն այլ յաղթանակներ եւս, եւ խումբը...

Պասքեթպոլ.  Վաղը` Ռիատի – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Վաղը` Ռիատի – ՀՄԸՄ

Վաղը կը սկսին ֆայնըլ 4-ի մրցումները, ուր ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Ռիատիի դէմ Մանարայի դաշտին վրայ, ժամը 17:45-ին: Առաջին մրցումը կրնայ ըլլալ քիչ մը լարուած` նկատի ունենալով, որ նոյն այս դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղաքը անցեալ նոյեմբերին կրցան յաղթանակ արձանագրել, բայց խումբերը շատ փոփոխութիւններ կրած են այդ օրուան մրցումէն ետք: ՀՄԸՄ-ի պարագային Զեք Լոֆթըն եւ Ճամալ Ճոնզ անցեալ մրցումին խումբին մաս...

Միջդպրոցական Մարմնամարզութեան Մրցաշարք.  Արին Սեփէթճեան Եւ Սէրլի Տէքէրմէնճեան` Ախոյեան

Միջդպրոցական Մարմնամարզութեան Մրցաշարք. Արին Սեփէթճեան Եւ Սէրլի Տէքէրմէնճեան` Ախոյեան

Լիբանանի կրթութեան նախարարութիւնը կազմակերպած էր միջդպրոցական մարմնամարզութեան մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աշակերտներ Արին Սեփէթճեան (Բ. դասարան) եւ Սէրլի Տէքէրմէնճեան (Դ. դասարան), որոնք իրենց սքանչելի ելոյթներով դարձան գեղարուեստական մարմնամարզի մրցանակակիրներ` գրաւելով առաջին դիրքը, իւրաքանչիւրը` իր տարիքային բաժանումին մէջ: Կը շնորհաւորենք Արինը, Սէրլին եւ իրենց ընտանիքները` մաղթելով նորանոր նուաճումներ:  

Բռնցքամարտ.  Նարեկ Մանասեան Այսօր Կը Մրցի Ոսկի Մետալին Համար

Բռնցքամարտ. Նարեկ Մանասեան Այսօր Կը Մրցի Ոսկի Մետալին Համար

Հայաստանի բռնցքամարտի տղոց խումբի անդամ Նարեկ Մանասեան այսօր կը պայքարի Եւրոպայի առաջնութեան ախոյեանի կոչման համար: Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան 92 քկ կշիռի կիսաւարտականի մրցումին, Նարեկ Մանասեան պարտութեան մատնեց Ազրպէյճանը ներկայացնող քուպացի մարզիկ Լորեն Ալֆոնսոն: Աւարտականի մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր, երբ Նարեկ Մանասեան կը մրցի ռուս բռնցքամարտիկ Մուսլիմ Կաճիմակոմետովի դէմ: Աւելի կանուխ, աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Անի...

Page 212 of 1281 1 … 211 212 213 … 1,281

Արխիւներ