Երեքշաբթի, Շիյահի դաշտին վրայ, Պէյրութ Ֆըրսթ ակումբը Ֆայնըլ 4-ի գծով իր 3-րդ ճակատումին 90-107 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սաժեսի դէմ մրցումին:
Յաջորդական 3-րդ մրցումը ըլլալով, դաշտէն դուրս խաղցող խումբը ինք է, որ կը յաղթէ:
Առաջին մրցումին 92-97 արդիւնքով յաղթած Սաժես, 2-րդ մրցումին իր համակիրներու ներկայութեան 101-105 արդիւնքով պարտուած էր Պէյրութի ակումբէն:
Սաժեսի եւ մրցումին աստղն էր Քլէանթոնի Ըրլի, որ 35 վայրկեաններու ընթացքին 40 կէտ եւ 18 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
ՀՄԸՄ շաբաթ օր ժամը 21:45-ին պիտի մրցի Ռիատիի դաշտին վրայ, 3-րդ ճակատումին: