Այս շաբաթ Հռոմի մէջ (Իտալիա) սկսաւ թենիսի տղոց եւ աղջկանց բաց մրցաշարքը:
Անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած Մատրիտի մրցաշարքը վերջ գտած էր Անտրէ Ռուպլեւի յաղթանակով, որ աւարտականին պարտութեան մատնած էր քանատացի Ֆելիքս Օժէ Ալիասիմը` 4-6, 7-5 եւ 7-5 արդիւնքով:
Աղջկանց մրցաշարքն ալ շահած էր թիւ 1 թենիսվումըն Իկա Շվիաթեք (Լեհաստան), որ 2 մեչ-փոյնթ փրկելէ ետք կրցաւ պարտութեան մատնել թիւ 2 Արինա Սապալենքան` 7-5, 4-6 եւ 7-6 (9-7) արդիւնքով:
Վերադառնալով Հռոմի մրցաշարքին, երէկ առաջին 20 դասուած մարզիկները ելոյթ չունեցան, իսկ աղջկանց պարագային ռուսահայ Էլինա Աւանեսեան (թիւ 72) կրցաւ յաղթանակով սկսիլ սպանացի Քրիսթինա Պուքսայի դէմ` 6-7, 6-0 եւ 7-5 արդիւնքով, 2 ժամ 35 վայրկեան պայքարէ ետք:
Տղոց պարագային, Տենիս Շափովալով (Քանատա) անակնկալ պարտութիւն մը կրեց իտալացի Լուչիանօ Տարտերիի դէմ մրցումին` 6-7, 6-3 եւ 7-6 (7-4) արդիւնքով:
Առաջին դասուած թենիսմենն է Նովաք Ճոքովիչ, որ բացակայած էր Մատրիտի բաց մրցաշարքէն: