Այս կիրակի տեղի պիտի ունենայ 2024-ի 6-րդ կրան փըրին Մայեմիի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ:
«Հարտ Ռոք Սթետիում»-ի մէջ տեղի ունեցող շրջավազքը 5.412 քմ երկարութիւն ունի եւ կը բաղկանայ 57 շրջանէ:
2023-ին Ռետ Պուլի վարորդ Սերխիօ Փերես (Մեքսիքա) շահած էր փոլ-փոզիշընը (մրցումը առաջին դիրքէն սկսելու իրաւասութիւն), բայց մրցումը շահած էր իր խմբակից եւ վերջին երեք տարիներու ախոյեան Մաքս Վերշթափըթն (Նետերլանտներ):
Այս կրան փրին 3-րդ անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ, եւ նախապէս երկու կրան փրիներն ալ շահած է Մաքս Վերշթափըն:
Այս մրցումը պիտի ըլլայ առաջինը, որ կը հիւրընկալեն Միացեալ Նահանգներ, մինչ այս տարեշրջանի 24 մրցումներու կարգին երկու այլ կրան փրիներ ալ տեղի պիտի ունենան Օսթընի եւ Լաս Վեկասի մէջ:
«Հարտ Ռոք Սթետիում» ընդհանրապէս կը հիւրընկալէ Մայեմի Տոլֆինս ամերիկեան ֆութպոլի խաղերը: Ժամանակաւոր շրջավազքը ունի 3 ուղիղ ճամբաներ, ինչպէս նաեւ 19 դարձուածքներ: Ինքնաշարժին արագութիւնը կը հասնի 340 քմ ժամական, ուղիղ ճամբաներուն վրայ:
Հաւանական է, որ խումբերը 1 անգամ ուղղուին փիթլէյն անիւ փոխելու, այդ պատճառով ալ միջակ կամ կարծր անիւներ պիտի գործածուին` աւելի դիմանալու համար:
Վերշթափըն 44 յաջորդական մրցումներէ ի վեր կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ, այսինքն` մայիս 2022-ի Սպանիոյ կրան փրիէն:
Վերշթափըն Մայեմի կը հասնի 25 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով իր խմբակից Փերեսի վրայ, եւ 34 կէտի առաւելութիւն ունենալով ֆեռարիի Շարլ Լըքլերի վրայ:
Ռետ Պուլ 44 կէտի առաւելութիւն ունի ֆեռարիի վրայ:


