Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը չորեքշաբթի օր կատարեց Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի վիճակաձգութիւնը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իր դէմ պիտի ունենայ հարաւային Լիբանանի ախոյեան Շապապ Ատլունը, Պեքաայի ախոյեան Ղատ Աֆտալը, Պէյրութի ախոյեան լիբանանեան բանակը, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Լիբանանի 2-րդ դիրքը գրաւող Անսար Մաուատան եւ 3-րդ դիրքը գրաւող Ֆ. Ք. Շեքքան:
Ա. խմբակին մաս կը կազմեն հիւսիսային Լիբանանի ախոյեան Վուլվզը, հարաւային Լիբանանի 2-րդ դիրքը գրաւող Ժալիլ Քանան, հարաւային Լիբանանի 3-րդ դիրքը գրաւող Ամալ Մաարաքէն, լեռնալիբանանի Տապըլ Քիք եւ Հիլալ Նասր խումբերը, Պեքաայի 2-րդ դիրքը գրաւող Պեքաա քլապ Սաատնայէլը, ինչպէս նաեւ Ռապիթաթ Ուարտանիէ- Արզ մրցումին յաղթականը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մրցումներուն յայտագիրը, որուն թուականները կը յայտարարուին աւելի ուշ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. մրցումին պիտի ճակատի Շեքքայի դէմ, Բ. մրցումին` լիբանանեան բանակին դէմ, ապա Շապապ Ատլունի դէմ (գ. մրցում), Անսար Մաուատտայի (Դ. մրցում) եւ Ղատ Աֆտալի դէմ (Ե.) եւ վերջին մրցումին:
Նշենք, որ երկու խմբակներէն առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի բարձրանան Գ. դասակարգ: