Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չեմփիընզ Լիկ. Տորթմունտի Չնչին Յաղթանակը Եւ Ռէալի Պատիժը…

May 3, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբթուան կիսուն տեղի ունեցան այս տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականի երթի մրցումները` Գերմանիոյ մէջ:

Երեքշաբթի գիշեր, Պայէրն Միւնիխ հիւրընկալեց Ռէալ Մատրիտը, իսկ յաջորդ օրը` Տորթմունտ հիւրընկալեց Փարիզ Սեն Ժերմենը:

Պայէրն Միւնիխ շատ լաւ սկսած էր մրցումը, բայց Ռէալ Մատրիտ, որ այս մրցաշարքի ամէնէն փորձառու խումբը կը նկատուի (14 տիտղոս), 1-2 փոխանցումով խաղի մը արդիւնքը կրնայ փոխել: Արդարեւ, 24-րդ վայրկեանին գնդակը հասաւ գերմանացի Թոնի Քրուսի, որ դաշտի կեդրոնէն գեղեցիկ փոխանցումով առիթ տուաւ պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ճունիտին, որ առանձին մնաց բերդապահ

Նոյըրի հետ եւ նշանակէ մրցումին առաջին կոլը: Վինիսիուս կրցաւ փախչիլ քորէացի Քիմի հսկողութենէն` օգտուելով ամէնէն պզտիկ սխալէն, որ կոլի վերածուեցաւ:

Բ. կիսախաղին, Պայէրն Թուխելի ցուցմունքներէն ետք շատ աւելի լրջացուց իր յարձակումները եւ 3 վայրկեանի ընթացքին կրցաւ 2 յաջորդական կոլ նշանակել: Լիրոյ Սանէ դաշտին կեդրոնէն ստացաւ փոխանցում մը եւ աջ կողմէն շատ արագ մտաւ քառակուսի,  խաղի բերաւ մարզիկ մը եւ ռմբային հարուածով մը նշանակեց Ռէալի բերդապահ Լունինի բերդին մէջ: Պայէրն աւելի սաստկացուց յարձակումները, յետսապահ Վասքիս գետին բերաւ Ժամալ Մուսիալան, եւ` փենալթի: Հերի Քէյն նշանակեց 2-1-ի կոլը: Պայէրն շարունակեց իր յարձակումները, սակայն Ռէալ մնաց անդրդուելի:

82-րդ վայրկեանին անվնաս յարձակում մը կը թուէր եղածը, երբ նոյնինքն Քիմ ամէն ձեւերով

փորձեց գետին բերել պրազիլցի Ռոտրիկոն` պատճառելով անխուսափելի փենալթին, որ կոլի վերածեց Վինիսիուս` նշանակելով իր եւ Ռէալի 2-րդ կոլը:

Դարձի մրցումը տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ չորեքշաբթի, Մատրիտի մէջ: Օր մը ետք, Տորթմունտ բաւական լաւ կազմակերպուած առաջին կիսախաղէ մը ետք կոլ մը կրցաւ նշանակել Փարիզ Սեն Ժերմենի բերդին մէջ 36-րդ վայրկեանին, շնորհիւ Ֆիւլքրուկի:

Բ. կիսախաղին, փարիզեան կազմը շատ ճնշեց Տորթմունտի բերդին վրայ, եւ էմպափէ եւ աւելի ուշ Հաքիմի ցնցեցին Տորթմունտի բերդին սիւները, սակայն գնդակը մնաց բերդէն դուրս: Վերջին վայրկեաններուն Տեմպելէ առիթ մըն ալ կորսնցուց եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի սպասէ մինչեւ դարձի մրցումը` փոխադարձելու:

Նախորդը

Ֆորմիւլա 1. Այս Կիրակի` Մայեմիի Կրան Փըրին

Յաջորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Աւարտականն Հանգրուան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Շեքքա Առաջին Մրցումին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.