Վերջին երկու օրերուն «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի առաջին հանգրուանի մրցումները շարունակուեցան եւ «տաք» մրցումներէ ետք, միայն Պոսթըն Սելթիքս խումբը եղաւ կիսաւարտականի տոմս ապահովող խումբերէն յաղթելէ ետք Մայեմի Հիթին, 118-84 արդիւնքով:
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ եւ Միլուոքի Պաքս, որոնք 3-1 արդիւնքէն ետ կը մնային յաջորդաբար Նիւ Եորք Նիքսէն եւ Ինտիանա Փէյսըրզէն, կրցան 5-րդ ճակատումները յաղթել եւ յոյսերնին պահել` հասնելու Արեւելեան շրջանի կիսաւարտական:
Թայրիս Մեքսի 46 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի, որ Նիւ Եորքի մէջ կրցաւ 112-106 արդիւնքով յաղթել Նիքսին: Ճէյլըն Պրանսըն 40 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիւ Եորքի, որ 2-րդ դասուած խումբն է:
Միլուոքի Պաքս իր դաշտին վրայ 115-92 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Ինտիանա Փէյսըրզին: Քրիս Միտըլթըն 29 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պաքսի, մինչ Թայրիս Հալիպըրթըն 16 կէտ եւ 6 էսիսթ կատարեց Ինտիանայի հաշուոյն:
Քլիվլենտ Քեւելիրզ 104-103 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օրլանտօ Մեճիքը եւ 3-2 արդիւնքով յառաջացաւ: Տոնավան Միչէլ 28 կէտ եւ 6 ռիպաունտ կատարեց ի նպաստ Քլիվլենտի, մինչ Փաուլօ Պանչերօ 39 կէտ եւ 8 ռիպաունտ կատարեց ի նպաստ Օրլանտոյի:
Երէկուան մրցումներուն, Պոսթըն Սելթիքս կրցաւ 4-1 արդիւնքով դուրս ձգել անցեալ տարուան փոխախոյեան Մայեմի Հիթը (118-847): Ճէյլըն Պրաուն 25 կէտ եւ 6 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պոսթընի մինչ Պեմ Ատեպայօ 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մայեմիի:
Պոսթըն Արեւելեան շրջանի կիսաւարտականին պիտի մրցի Քլիվլենտ Քեւիլիրզ – Օրլանտօ Մեճիք մրցումին յաղթականին դէմ:
Արեւմտեան շրջանին մէջ, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ (թիւ 4), որ 2-2 արդիւնքով հաւասարած էր Ապաս Մեւրիքսի հետ (թիւ 5), երէկ, 5-րդ ճակատումին, բնաւ չկրցաւ դիմադրել Լուքա Տոնչիչի եւ ընկերներուն:
Արդարեւ, առաջին մասին, գրեթէ հաւասար աւարտելէ ետք, Տալաս 10 կէտի առաւելութիւն մը ձեռք ձգեց մինչեւ կիսախաղ:
Առանց Քուայ Լենըրտի, Քլիփըրզ չկրցաւ զսպել Տալասի յարձակումները: Աւելի՛ն. Ճէյմս Հարտըն եւ Փօլ Ճորճ չկրցան լաւ մակարդակ ցուցաբերել:
Փոլ Ճորճ 15 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Հարտըն 7 կէտ եւ 7 էսիսթ կատարեց: Իվիքա Չուպաչ 15 կէտ աւելցուց ի նպաստ Քլիփըրզի, որ անպայման պէտք է յաղթէ Տալասի դաշտին վրայ` հաւասարեցնելու արդիւնքը (3-3):
Լուքա Տոնչիչ 35 կէտ եւ էսիսթ կատարեց, մինչ գերմանացի Մաքսի Քլեպեր 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց (15 կէտ): Քայրի Ըրվինկ 14 կէտով բաւականացաւ, մինչ Ճէյլըն Հարտի (14 կէտ) Տերիք Լայվլի (12 կէտ) եւ Տերիք Ճոնզ (12 կէտ) ամբողջացուցին Տալասի խմբային խաղի արդիւնքը:
Նշենք, թէ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր կը սպասէ այս մրցումներու շարքի յաղթականին: Նախապէս Թանտըր 4-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Նիւ Օրլինզ Փելիքընզը:


