«Էն. Պի. Էյ.»-ի Արեւելեան շրջանի կիսաւարտականի մրցումի մը` Մետիսըն Սքուեր Կարտընի մէջ, Նիւ Եորք Նիքս կրցաւ ինքզինք գտնել եւ 130-121 արդիւնքով յաղթել Ինտիանա Փէյսըրզին, յառաջանալ 2-0 արդիւնքով:
Ճէյլըն Պրանսըն, որ Նիւ Եորքի հերոսն էր այս եղանակին, ոտքը վիրաւորելով 2-րդ մասին բնաւ չմասնակցեցաւ` առիթ տալով, որ Ինտիանա 12 կէտի առաւելութիւն մը ձեռք ձգէ Նիւ Եորքի մէջ:
Լաւ տաքնալէ եւ պատրաստուելէ ետք, Պրանսըն վերադարձաւ Բ. կիսախաղին, երբ աջ ոտքի ցաւը մոռնալով իր 29 կէտերէն 24-ը նշանակեց 3-րդ եւ 4-րդ մասերուն` օգնելով Նիքսին, որ յաղթական դուրս գայ 130-121 արդիւնքով:
«Պայքարող մարտիկ մըն է: Կասկած չունէի, որ դաշտ պիտի վերադառնայ: Ամբողջ եղանակի ընթացքին, անհանգստութիւն, վիրաւոր, հիւանդ, ինչ որ անցնէր միշտ ալ պայքարած եւ վերադարձած է: Գիտէինք մրցումին կարեւորութիւնը եւ ամէն ինչ, եւ բոլորը վստահ էին, որ պիտի վերադառնայ դաշտ», ըսաւ Տոնթէ Տիվինչենցօ:
Պրանսըն կրնար ըլլալ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան երկրորդ մարզիկը, որ յաջորդական 5 փլէյ-օֆի մրցումներու 40 կամ աւելի կէտեր նշանակեց, սակայն կարճ ժամանակ խաղալով չկրցաւ իրագործել այդ մէկը, բայց Նիքսին ամէն ինչ տուաւ, որ 2000 թուականէն ետք առաջին անգամ ըլլալով քայլ մը առնէ դէպին Արեւելեան շրջանի աւարտական:
Օ. Ճի. Անունոպի 28 կէտ նշանակեց` ի նպաստ վիրաւորներով հարուստ Նիւ Եորք Նիքսի, բայց կանուխ աւարտեց մրցումը` վիրաւորելէ ետք իր ոտքը 3-րդ մասին:
Տիվինչենցօ 28 կէտ եւ Ճոշ Հարթ 19 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նիքսի:
Թայրիս Հելիպըրթըն ձախող մրցումէ մը ետք ինքզինք գտաւ երէկ եւ նշանակեց 34 կէտ, 9 էսիսթ եւ 6 ռիպաունտ ի նպաստ Փէյսըրզի, որ մրցումը աւարտեց առանց մարզիչ Ռիք Քարլայլի, 2 թեքնիքըլ ֆաուլեր ստանալէ ետք:
Այժմ 2 յաջորդական մրցումներ պիտի հիւրընկալէ Ինտիանան, որ պիտի փորձէ օգտուիլ Նիւ Եորք Նիքսի վիրաւորներու շարքէն:
Արդարեւ, Նիւ Եորք, որմէ Պոյան Պոկտանովիչ, Ճուլիըս Ռենտըլ եւ Միչել Ռապինսըն, որոնք այս եղանակին չեն կրնար մասնակցիլ, կրնայ կորսնցնել նաեւ Անունոպին եւ Պրանսընը, եթէ չապաքինին մինչեւ այս գիշեր: