Այս շաբաթավերջին կը սկսին Լիբանանի Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի առաջին շաբթուան մրցումները:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, շաբաթ օր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը, Սելաաթայի դաշտին վրայ (Պաթրուն), Ֆ. Ք. Շեքքայի դէմ:
Շեքքա, որ հիւսիսային Լիբանանի ախոյեանութեան վերջնական դասաւորման 3-րդ դիրքը գրաւած էր, իր դէմ պիտի ունենայ Լեռնալիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ 3 կէտ շահելու համար դաշտ պէտք է ներկայանայ լաւ կեդրոնացած, նոյնիսկ եթէ մրցակիցը թերեւս բարձր մակարդակի խումբ չըլլայ, բայց ինչպէս միշտ կ՛ըսենք, երբ 11 մարզիկներ կը մրցին իրար դէմ, ամէն ինչ հաւասար կ՛ըլլայ, եւ թուղթի հաշիւը դաշտին վրայ կրնայ նոյն արդիւնքը չտայ. եթէ որեւէ տեղ պզտիկ սխալ մը արձանագրուի, մրցակիցը կրնայ ատկէ օգտուիլ, եւ շատ օրինակներ կան, ինչպէս երեքշաբթի գիշեր տեսանք Փարիզ Սեն Ժերմեն – Տորթմունտ մրցումը, ուր ֆրանսական կազմը շատ ձեւերով փորձեց յարձակիլ, գրաւել մրցակցի բերդը, «ցնցեց» անոր բերդը 6 անգամներէ աւելի (սիւնին եւ ձողին հարուածելով), սակայն Տորթմունտ 2 մրցումներուն ալ կոլ մը նշանակելով կրցաւ յաղթական դուրս գալ:
Նոյն խմբակին մէջ եւ նոյն ժամուն հարաւային Լիբանանի ախոյեան Շապապ Ատլուն պիտի մրցի Պէյրութի ախոյեան լիբանանեան բանակի խումբին դէմ, իսկ հիւսիսային Լիբանանի Բ. դիրքը գրաւած Անսար Մաուատա պիտի մրցի Պեքքայի ախոյեան Ղատ Աֆտալի դէմ: Բանակի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Անսարի դաշտին վրայ, իսկ Ղատ Աֆտալի մրցումը` Ահտի դաշտին վրայ:
Ուրբաթ օր Ա. խմբակի մրցումներուն բացման օրն է, եւ 3 մրցումներ տեղի պիտի ունենան, բոլորն ալ նոյն ժամուն:
Հարաւային Լիբանանի փոխախոյեան Ժալիլ Քանա պիտի մրցի Պեքաա Սաատնայէլի դէմ (Պեքաայի փոխախոյեան) Սաֆայի դաշտին վրայ, հարաւային Լիբանանի 3-րդ դիրքը գրաւող Ամալ Մաարաքէն պիտի մրցի Լեռնալիբանանի փոխախոյեան Տապըլ Քիքի դէմ (Ահտի դաշտ), իսկ հիւսիսային Լիբանանի ախոյեան Վուլվզ պիտի մրցի Լեռնալիբանանի 3-րդ դիրքը գրաւող Հիլալ Նասրի դէմ, Անսարի դաշտին վրայ: