Ֆրանսայի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ երեքշաբթի գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով իր վերջին մրցումը կատարեց Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, որ 1-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք դուրս մնաց Գերմանիոյ Տորթմունտի դէմ մրցումին:
Երթին 1-0 արդիւնքով պարտուած ֆրանսական ակումբը ճնշեց անգամ մը եւս, սակայն Տորթմունտ մնաց անսխալ: Ոչ միայն Տորթմունտի պաշտպանները եւ բերդապահը, այլ նաեւ Տորթմունտի բերդապահ Քոպելի բերդի սիւները եւ ձողը նոյնիսկ մասնակից էին երթի եւ դարձի մրցումներուն:
Փարիզ Սեն Ժերմեն առնուազն 6 անգամ (2 մրցումներու ընթացքին) գնդակը յաջողեցաւ դպցնել Տորթմունտի պաշտպանած բերդի սիւներուն եւ ձողին:
Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 5-րդ դիրքը գրաւող Տորթմունտ շատ լաւ ելոյթներ չցուցաբերեց ախոյեանութեան, բայց «Չեմփիընզ լիկ»-ը այլ բան է, եւ մարզիչ Թերզիչի գծած թաքթիքները կը յաջողցնեն մարզիկները դաշտին վրայ:
Այս ձեւով Տորթմունտ 3-րդ անգամ ըլլալով հասաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականին: 1996-1997 տարեշրջանին Տորթմունտ «Պունտըսլիկա»-ի 3-րդ դիրքը գրաւած էր, բայց հասած «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականին, դուրս ձգելէ ետք Մանչեսթըր Եունայթըտը եւ աւարտականին անակնկալի բերելով Իտալիոյ «հսկաներէն» Եուվենթուսը 3-1 արդիւնքով շահած էր բաժակը իր պատմական մարզիչ Օթմար Հիցֆելտի հետ, Միւնիխի մէջ:
2012-2013 տարեշրջանին, Տորթմունտ գրաւած էր «Պունտըսլիկա»-ի Բ. դիրքը եւ դուրս ձգելէ ետք Ռէալ Մատրիտը կիսաւարտականին հասած էր Ուեմպլիի աւարտականին, բայց պարտուած Պայերն Միւնիխէն (2-1 արդիւնքով):


