Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պէյրութ – Սաժես 92-97

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Պէյրութ 3-րդ Դիրքի Մրցումը

Վաղը երեկոյեան ժամը 7:00-ին Անթիլիասի «Տեմիրճեան» կեդրոնի պասքեթպոլի դաշտին վրայ, Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 3-րդ դիրքի մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ ՀՄԸՄ-ի տղաքը եւ Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը: ՀՄԸՄ կիսաւարտականին 3-0 արդիւնքով պարտուած էր ախոյեան Ռիատիէն, բայց մանաւանդ վերջին մրցումին շատ դժուար մրցակից մը եղաւ Ռիատիի դիմաց եւ վերջին վայրկեանին է, որ տարբերութիւնը 3 կէտէն աւելի բարձրացաւ (8 կէտ մրցումի աւարտին): Եթէ...

Պասքեթպոլ.  Այս Կիրակի Կը Սկսի Ֆայնըլ 8-ը` Շանվիլ-ՀՄԸՄ Մրցումով

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Ուրբաթ` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Լիբանանեան Բանակ

Այս ուրբաթ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Դ. դասակարգի աւարտկան հանգրուանի 2-րդ շաբթուան մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի մրցի Լիբանանեան բանակին դէմ: Առաջին շաբթուան մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Ֆ. Ք. Շեքքան, մինչ Լիբանանեան բանակը, որ Պէյրութի շրջանի ախոյեանն էր, հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Հարաւային Լիբանանի ախոյեան Շապապ Ատլունի հետ (1-1): Կը սպասուի,...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Կիրակի, 22 Մարտին` 2014-2015 Տարեշրջանի Փակման Հանդիսութիւն

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Պասքեթպոլի «Օլ Սթար»-ի Խաղեր

Կիրակի օր ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը հետաքրքրական ձեւ մը որդեգրած էր «Օլ-Սթար»-ի խաղերով, ուր զանազան դպրոցներէ մասնակիցներ պիտի ճակատէին 3 կէտ նշանակելու, հմտութիւններու (սքիլզ) եւ դէմ առ դէմ մրցելու անհատական մրցումներուն: Աղջկանց 3 կէտ նշանակելու մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւեց Ալիք Քէշիշեան (Ճեմարան), մինչ տղոց մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւեց Զոհրապ Յովսէփեան (Յառաջ): Հմտութիւններու (սքիլզ) աղջկանց առաջին դիրքը գրաւեց Թէա Բարսեղեան (Հայ աւետ....

Սամպօ.  Հայաստան 18 Մետալներով Վերադարձաւ Սերպիայէն

Սամպօ. Հայաստան 18 Մետալներով Վերադարձաւ Սերպիայէն

Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցան Եւրոպայի պատանիներու, երիտասարդներու եւ մեծերու ախոյեանութիւնները: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, խմբային ընդհանուր դասաւորման մէջ հայ մարզիկները 18 մետալներով գրաւեցին 4-րդ դիրքը: Եւրոպայի ախոյեան դարձան Մայիս Ներսիսեան (64 քկ, մարտական սամպօ) Աննա Այվազեան (50 քկ երիտասարդներ) եւ Ալեքս Խաչատրեան (53 քկ պատանիներ): Մեծերու մրցումներուն, փոխախոյեան դարձած 64 քկ կշիռի մասնակից Նարեկ Տալլաքեան, 98 քկ կշիռի մասնակից...

Ուու Շուի Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Շահեցաւ 7 Ոսկի,  2 Արծաթ Եւ 3 Պրոնզ Մետալներ

Ուու Շուի Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Շահեցաւ 7 Ոսկի, 2 Արծաթ Եւ 3 Պրոնզ Մետալներ

Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցաւ Ուու շուի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը` մեծերու թէ երիտասարդներու կարգերով: Մեծերու Եւրոպայի 19-րդ ախոյեանութեան ոսկի մետալ շահեցան Դաւիթ Վարդանեան (65 քկ), Արսէն Բագրեան (60 քկ), Դաւիթ Իսախանեան (56 քկ), Ժերար Պետրոսեան (52 քկ), իսկ երիտասարդներու ախոյեանութեան ոսկի մետալ շահեցան Գրիգոր Տօնիկեան (80 քկ), Աղուան Մագոյեան (56 քկ) եւ Գէորգ Պաղտասարեան (52 քկ): Մեծերու կազմէն Եւրոպայի փոխախոյեան...

«Էն. Պի. Էյ.»  Պոսթըն Սելթիքս Անգամ Մը Եւս Յաղթեց Քլիվլենտի Դաշտին Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Սելթիքս Անգամ Մը Եւս Յաղթեց Քլիվլենտի Դաշտին Մէջ

Պոսթըն Սելթիքս, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն ամբողջական խումբը ունի եւ լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած էր տարեշրջանի սկիզբէն, շատ հանգիստ մրցում մը պէտք էր ունենար Քլիվլենտ Քեւելիրզի դէմ, բայց զարմանալիօրէն իր կեդրոնացումը միշտ ալ կը կորսնցնէ եւ մրցումի մը 4 մասերուն ընթացքին կա՛մ 15 կէտով կը յառաջանայ, կա՛մ ալ 6 կէտով ետ կը մնայ: Երէկ, Պոսթըն 2-րդ յաջորդական մրցումը ըլլալով պարտութեան...

Աթլեթիզմ.  Զուլալ Պէզճեան Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ

Աթլեթիզմ. Զուլալ Պէզճեան Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կազմակերպած տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի աթլեթի խումբի անդամ Զուլալ Պէզճեան նիզակ արձակելու մրցումին գրաւեց 3-րդ դիրքը` շահելով պրոնզ մետալ: Նախապէս, Քլէա Արապաղլեան 3000 մեթր վազքի ոսկի մետալ շահած էր, Ուատիհ Հելու` 10.000 մեթր վազքի արծաթ մետալ, իսկ Մեղրի Ապտալեան (Գունտ նետել) եւ Մայա Նատեր (3000 մ վազք)` պրոնզ մետալներ:    

Եւրոպական Ֆութպոլ. Արսենալ Կը Պահէ Իր Յոյսերը. Լեւերքուզընի 50-րդ Անյաղթ Մրցումը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Արսենալ Կը Պահէ Իր Յոյսերը. Լեւերքուզընի 50-րդ Անյաղթ Մրցումը

Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութիւնները հասած են իրենց վերջին հանգրուաններուն, ուր միայն Անգլիոյ մէջ տակաւին ախոյեանին անունը յստակ չէ: «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն, Արսենալ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի դաշտէն, շնորհիւ Լեանտրօ Թրոսարի կոլին (20-րդ վայրկեանին): Այժմ Արսենալ մէկ մրցում ունի կատարելիք կիրակի օր Էվըրթընի դէմ: Բ. դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթի շաբաթ օր 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Ֆուլհամը` շնորհիւ Եոշքօ Կվարտիոլի...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ինտիանա Եւ Տենվըր Հաւասարեցան

«Էն. Պի. Էյ.» Ինտիանա Եւ Տենվըր Հաւասարեցան

«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի երկու շրջաններու կիսաւարտականի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ առաջին երեք ճակատումները բաւական հաւասարակշռուած ըլլալէ ետք, երէկ Ինտիանա Փէյսըրզ, Ինտիանափոլիսի մէջ եւ աւելի քան 17 հազար համակիրներու ներկայութեան շատ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Նիւ Եորք Նիքսի դէմ` 121-89 արդիւնքով: «Ինչ որ ըրինք` մեր գործն էր արդէն: Երբ քու դաշտիդ վրայ խաղաս, պէտք է օգտուիս այս առաւելութենէն, եւ...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պատուաբեր Արդիւնքով Փակեց Ախոյեանութեան Մրցումները

Շաբաթ գիշեր ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը պատուաբեր արդիւնքով փակեց 2023-2024 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը, երբ Մանարայի դաշտին վրայ 98-90 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ախոյեան Ռիատիէն: ՀՄԸՄ-ի տղաքը շատ լաւ ձեւով սկսան մրցումը եւ միշտ ալ Ռիատիէն առաջ էին եւ առաջին մասը աւարտեցին 6 կէտի առաւելութեամբ (21-27): Զեք Լոֆթըն 12 կէտ նշանակեց այս մասին, նոյն պահուն ֆաուլերու առումով ուշադիր խաղալով Ժատ Խալիլ միայն 2...

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Յաղթանակով Սկսաւ

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Յաղթանակով Սկսաւ

Շաբաթ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ աւարտական հանգրուանին գծով իր առաջին մրցումը կատարեց եւ շատ կարեւոր արդիւնքով վերադարձաւ Սելաաթայի (Պաթրուն) դաշտէն: Սելաաթայի դաշտը այդպիսին ըլլալէ զատ ամէն ինչի կը նմանէր: Խոտը վատ վիճակի մէջ, հովը` անզսպելի, հաւանաբար ծանօթ` մրցակիցին, բայց խորթ` մեր մարզիկներուն, որոնք շատ դժուար ընտելացան մթնոլորտին: ՀՄԸՄ-ի տղաքը աւելի լաւ խմբային խաղ կը խաղային, քան մրցակիցը, որ...

Աթլեթիզմ.  ՀՄԸՄ-ի Աթլեթները Մետալներով  Կը Վերադառնան Տարիքային Ախոյեանութենէն

Աթլեթիզմ. ՀՄԸՄ-ի Աթլեթները Մետալներով Կը Վերադառնան Տարիքային Ախոյեանութենէն

«Քամիլ Շամուն» դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Աթլեթիզմի ֆետերասիոնի կազմակերպած տարիքային ախոյեանութեան մրցումները. Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄ-ի Աթլեթի խումբին արձանագրած արդիւնքները. Քլէա Արապաղլեան 3000մ ոսկի Ուատիի Էլ Հլու 10000մ արծաթ Մեղրի Ապտալեան Գունտ պրոնզ Մայա Նատըր 3000մ պրոնզ  

Թայքուանտօ.  Ալեակ Սարգիս Մետալ Մը Եւս Շահեցաւ

Թայքուանտօ. Ալեակ Սարգիս Մետալ Մը Եւս Շահեցաւ

Լիբանանահայ Ալեակ Սարգիս, որ Սէուտական Արաբիա կը բնակի իր ընտանիքին հետ, իր ակումբին` Նասրի հետ մասնակցեցաւ Օնէյզայի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի ունեցած Սէուտական Արաբիոյ աղջկանց 3-րդ ախոյեանութեան: Քասիմի (Օնէյզա) մէջ Թայքուանտոյի միջազգային ֆետերասիոնի կողմէ հովանաւորուած այս մրցաշարքին Ալեակ Սարգիս անհատական եւ խմբային մրցումներուն մասնակցեցաւ: Փոմսի անհատական պատանիներու 3-րդ կարգի մրցումներուն Ալեակ Սարգիս գրաւեց 3-րդ դիրքը` շահելով պրոնզ մետալ, աւելցնելով զայն...

Էն. Պի. Էյ.- Տենվըր Ինքզինք Գտաւ. Տալաս Յառաջ Անցաւ

Էն. Պի. Էյ.- Տենվըր Ինքզինք Գտաւ. Տալաս Յառաջ Անցաւ

Անցեալ տարուան «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց, առաջին երկու մրցումները կորսնցնելէ ետք իր դաշտին վրայ, կրցաւ Մինիափոլիսի մէջ յաղթել տեղւոյն Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզին: Տենվըր զարմանալիօրէն վերագտած էր նախկին փայլքը եւ մինչեւ 34 կէտի առաւելութիւն ալ ունեցած երրորդ մասին: Ճամալ Մարէյ իր լաւագոյն մրցումներէն մէկը ունեցաւ` 2 մրցումներ շուքի մէջ մնալէ ետք, եւ 24 կէտ նշանակեց` պարտութեան մատնելով տակաւին անյաղթ Մինեսոթան,...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Կիրակի, 22 Մարտին` 2014-2015 Տարեշրջանի Փակման Հանդիսութիւն

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Այսօր` Աղջկանց Կիսաւարտականի Մրցումները

ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումները կը շարունակուին այսօր, ուր տեղի կ՛ունենան մեծ աղջկանց (15 տարեկան եւ վեր) կիսաւարտականի մրցումները: Յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան պիտի մրցի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին դէմ: Ժամը 4:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը պիտի մրցի ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու մեծ աղջիկներու խումբին դէմ:

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շեքքա

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շեքքա

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Շեքքայի դէմ, Սելասթայի դաշտին վրայ: Փոխադրակառքեր տրամադրուած են ժամը 14:00-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի հրապարակէն: Երթեւեկի սակն է 200 հազար լ. ո.: Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ներկայ ըլլալ դաշտ` քաջալերելու տղոց, որոնք բաւական է մրցում չեն կատարած եւ պէտք ունին քաջալերանքի` շարունակելու իրենց...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ

Այսօր ժամը 21:45-ին, Մանարայի դաշտին վրայ, Լիբանանի եւ Ուասլի ախոյեան Ռիատի պիտի մրցի ՀՄԸՄ-ի տղոց դէմ, Ֆայնըլ 4-ի 3-րդ ճակատումին: Առաջին մրցումին, Մանարայի մէջ, ՀՄԸՄ 107-88 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Ռիատիէն, մինչ երկրորդ ճակատումին` 102-86 արդիւնքով: Յոյսով, որ այսօր մեր տղաքը իրենց լաւ վիճակին մէջ ըլլան եւ պայքար ցոյց տան դաշտին վրայ դրական արդիւնքով դուրս գալու համար: Յաղթանակի պարագային,...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տոնչիչ Եւ Ընկերներ Յաղթեցին Օքլահոմայի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.» Տոնչիչ Եւ Ընկերներ Յաղթեցին Օքլահոմայի Մէջ

Օքլահոյմայի մէջ, Օքլահոմա Սիթի Թանտըր մինչեւ երէկ իր մրցակիցներուն դէմ միշտ ալ լաւ ձեւով կը պաշտպանուէր եւ 95 կէտերէ աւելի չէր ընդունած, իր փլէյ օֆի առաջին հինգ մրցումներուն: Երէկ սակայն Տալաս Մեւրիքս ամբողջովին տարբեր ձեւով խաղցաւ եւ 9 կէտի առաւելութեամբ կրցաւ յաղթական վերադառնալ Օքլահոմայի դաշտէն (119-110): Կրնանք ըսել, որ Տալաս կրցաւ բոլոր մասերուն ալ տիրապետել եւ պահ մը 14 կէտի...

«Եուրոփա Լիկ»  Պայեր Լեւերքուզըն Կ՛ուզէ Շահիլ Երեք Տիտղոս

«Եուրոփա Լիկ» Պայեր Լեւերքուզըն Կ՛ուզէ Շահիլ Երեք Տիտղոս

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն, որ իր սպանացի մարզիչ Չապի Ալոնսոյի հետ պատմութիւն կը կերտէ, կը ցանկայ երկու տիտղոս եւս շահիլ այս տարեշրջանին իրագործելով թրիպըլ մը: Արդարեւ, հինգշաբթի գիշեր, Պայեր Լեւերքուզըն «Եուրոփա լիկ»-ի կիսաւարտականի դարձի մրցումին անգամ մը եւս դրական արդիւնք մը արձանագրելով հասաւ աւարտականին, որուն ընթացքին պիտի մրցի Իտալիոյ Աթալանթա ակումբին դէմ: Հինգշաբթի օր Լեւերքուզըն եւրոպական նոր...

Ուասլ.  Ռիատի Յաջորդական Երկրորդ Տարին Ըլլալով Ախոյեան

Ուասլ. Ռիատի Յաջորդական Երկրորդ Տարին Ըլլալով Ախոյեան

Ռիատիի խումբը չորեքշաբթի գիշեր յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով կրցաւ շահիլ Ուասլ մրցաշարքը: Ուեսթ Ասիա Սուփըր լիկը, որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի, անգամ մը եւս եղաւ ի նպաստ Ռիատիի, որ 100-78 արդիւնքով յաղթեց Շահրտարի Կորկանի (Իրան): «Նուհատ Նաուֆալ» համալիրին մէջ տեղի ունեցած այս 3-րդ ճակատումին դաշտը ողողած էին լիբանանեան ակումբի համակիրները, որոնք քաջալերելով օգնեցին Ռիատիին, որ անգամ մը եւս պարտութեան մատնեց...

Page 210 of 1281 1 … 209 210 211 … 1,281

Արխիւներ