Վաղը, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Ֆ. Ք. Շեքքայի դէմ, Սելաաթայի (Պաթրուն) դաշտին վրայ, Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն գծով:
Անհամբեր կը սպասենք այս հանգրուանին, ուր 3 մրցումներ յաղթող խումբը կրնայ բարձրանալ Գ. դասակարգ, բան մը, որ երկար ժամանակէ կ՛ակնկալուի:
Ամբողջ տարեշրջանի մը աշխատանքը, ուր Լեռնալիբանանի ախոյեան ալ հռչակուեցան Պուրճ Համուտի տղաքը, հիմա պիտի քաղեն այդ աշխատանքին պտուղները: Նոյն թափով պայքար, համակիրներուն հետ միասին, մարզիչին ցուցմունքներուն հետեւելով կրնանք հասնիլ մեր նպատակին:
5 մրցումներ ունինք, բայց այժմ ամէն մրցում առանձին աւարտականի մրցումի նման պէտք է կատարենք եւ կոլեր նշանակենք, վստահ յաղթանակ ձեռք բերելու համար: Կարելի եղածին չափ առիթներ պէտք չէ կորսնցնել: Կարելի եղածին չափ քիչ սխալներ գործելով կրնանք տիրանալ վերջնական յաղթանակին:
Այսօր կը սկսին Ա. խմբակին մրցումները, մինչ վաղը` Բ. խմբակի մրցումները, հետեւեալ յայտագիրով.
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄԸ 4:00-ԻՆ Ա. ԽՄԲԱԿ.
Ժալիլ Քանա – Պեքաա Սաատնայիլ (Սաֆայի դաշտ)
Ամալ Մաարաքէ – Տապըլ Քիք (Ահտի դաշտ)
Վուլվզ – Հիլալ Նասր (Անսարի դաշտ)
ՎԱՂԸ ԺԱՄԸ 4:00-ԻՆ` Բ. ԽՄԲԱԿ
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շեքքա (Սելաաթայի դաշտ)
Շապապ Ատլուն – Լիբանանեան բանակ (Անսարի դաշտ)
Անսար Մաուատտա – Ղատ Աֆտալ (Ահտի դաշտ)