Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ-Ռիատի

Մայիս 3, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս կիրակի յետմիջօրէի ժամը 4:45-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ պիտի հիւրընկալէ Ռիատին, Ֆայնըլ 4-ի 2-րդ ճակատումին:

Առաջին ճակատումին, Ռիատի 107-88 արդիւնքով յաղթական դուրս եկած էր, բայց մեր դաշտին վրայ ամէն ինչ կրնայ փոխուիլ: Մեր համակիրներուն հետ միասին, խումբը կրնայ 6-րդ մարզիկի առաւելութենէն օգտուիլ` յաղթելու Ռիատիին: Ռիատի չորեքշաբթի օր Ուասլի մրցաշարքի աւարտականի 2-րդ ճակատումին Թեհրանի մէջ 95-85 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շահրտարի Կորկանէն, եւ նոյն պարտութենէն ոգեւորուելով կրնանք մենք ալ մեր դաշտին վրայ, համակիրներու «ճոխ քաջալերանքը» վայելելով, Կորկանի նման անակնկալի բերել Ռիատին: Թոն Մէյքըր Թեհրան չմեկնեցաւ` թեթեւօրէն վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, եւ մենք պէտք է օգտագործենք ամէն առիթ սթիլ ընելու, պլոք ընելու, լաւ պաշտպանելու եւ միեւնոյն ժամանակ վճռական կէտեր նշանակելու` անակնկալի բերելով Ռիատին:

Գիտենք եւ պէտք է ընդունինք, որ Ռիատի մեզմէ շատ աւելի լաւ խումբ է, եւ պահեստի մարզիկներ ալ ունի գրեթէ հիմնականին նման, սակայն երբ դաշտին վրայ 5 մարզիկներ ներկայ կ՛ըլլան, ամէն ինչ հաւասար կ՛ըլլայ: Կրնայ ըլլալ, որ մրցակիցը ամէն վայրկեան մարզիկ փոխէ, բայց մենք նուազ մարզիկներով կրնանք Կապրիել Աճէմեանի նման պայքարելով Զեք Լոֆթընի նման անվախ յարձակիլ եւ Ժիրար Հատիտեանի ու Տուէյն Ճեքսընի նման ռիպաունտ հաւաքել:

Յուսանք, որ մեր մարզիկները լաւ մակարդակի մէջ ըլլան եւ զգուշ ըլլան կանուխ ֆաուլեր կատարելէ, որպէսզի 40 վայրկեան լաւ ձեւով պայքար տանին եւ յաղթանակ արձանագրեն Ռիատիի դէմ:

Վաղը, նոյն ժամուն ( ժամը 16:45-ին) Սաժես պիտի հիւրընկալէ Պէյրութ ֆըրսթ խումբը, որ իր դաշտին վրայ 92-97 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Սաժեսէն:

3 մրցումներ յաղթող խումբը կը հասնի աւարտականին:

 

Նախորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Աւարտականն Հանգրուան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Շեքքա Առաջին Մրցումին

Յաջորդը

Վրաստանի Մէջ Ցուցարարները Փորձած Են Կոտրել Խորհրդարանի Դարպասները

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւտօ.  Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան
Մարզական

Ճիւտօ. Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Բռնցքամարտ.  Օթար Երանոսեան Ախոյեան
Մարզական

Բռնցքամարտ. Օթար Երանոսեան Ախոյեան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?