«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, ուր Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու կիսաւարտականի մրցումները յստակացան:
Արեւմտեան շրջանին մէջ կանուխ հասած խումբեր Տենվըր Նակեթց (թիւ 2) եւ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ (թիւ 3) արդէն իսկ կատարեցին իրենց 2-րդ ճակատումը` Տենվըրի մէջ: Անցեալ տարուան ախոյեան Տենվըր Նակեթց, որ անցեալ եղանակին անզսպելի էր, այս եղանակին զսպելի դարձած է, բան մը, որ Մինեսոթայի դէմ ճակատումներուն կը փաստուի:
Առաջին ճակատումին, Մինեսոթա կրցաւ 7 կէտի առաւելութեամբ յաղթել Տենվըրի դաշտին վրայ, ուր Անթոնի Էտուըրտծ «Էնթմեն» 43 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 2 պլոք կատարեց: Քարլ-Անթոնի Թաունզ (20 կէտ) եւ Ռուտի Կոպեր (6 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 3 պլոք) եղան Մինեսոթայի լաւագոյնները, որոնք խմբային խաղով կրցան «շուքի» մէջ ձգել Նիքոլա Եոքիչը (32 կէտ, 9 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ) եւ ընկերները:
Երէկ երկրորդ ճակատումին Մինեսոթա շատ աւելի հանգիստ յաղթանակ մը տարաւ (106-80), ուր Քարլ-Անթոնի Թաունզ (27 կէտ, 12 ռիպաունտ) եւ Անթոնի Էտուըրտծ (27 կէտ, 7 էսիսթ) զոյգը փայլեցան: Պահեստի մարզիկներէն Նեզ Ռիտ (14 կէտ, 5 ռիպաունտ) եւ Նիքէյլ Ալեքզանտր-Ուոքըր (14 կէտ, 6 ռիպաունտ) իրենց կարգին փայլեցան:
Նիքոլա Եոքիչ 16 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Արոն Կորտըն 20 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տենվըրի, որ այժմ 2 դժուար մրցումներ ունի իր դաշտէն դուրս եւ 2-0 արդիւնքով ետ կը մնայ:
Արեւելեան շրջանին մէջ թիւ 2 դասուած Նիւ Եորք Նիքս 121-117 արդիւնքով պարտութեան մատնեց թիւ 6 դասուած Ինտիանա Փէյսըրզը: Ճէյլըն Պրանսըն 43 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիքսի` նշանակելով 40 կամ աւելի կէտ, յաջորդական 4-րդ փլէյ օֆի մրցումը ըլլալով:
Նիւ Եորք Նիքս 4-2 արդիւնքով դուրս ձգած էր Ժոել Էմպիիտի Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ (թիւ 7), մինչ Ինտիանա Փէյսըրզ (թիւ 6) իր կարգին դուրս ձգած էր Միլուոքի Պաքսը (թիւ 3)` 4-2 արդիւնքով:
Արեւելեան շրջանի եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած Պոսթըն Սելթիքս կիսաւարտականի իր առաջին մրցումին 120-95 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քլիվլենտ Քեւելիրզը (թիւ 4):
Քլիվլենտ, որ 4-3 արդիւնքով դուրս ձգած էր Օրլանտօ Մեճիքը, չկրցաւ զսպել Պոսթըն Սելթիքսի յառաջխաղացքը: Պոսթըն անգամ մը եւս ցոյց տուաւ խմբային գեղեցիկ խաղարկութիւն, որուն ընթացքին փայլեցան Ճէյլըն Պրաուն (32 կէտ), Տերեք Ուայթ (25 կէտ), Ճէյսըն Թէյթըմ (18 կէտ, 11 ռիպաունտ), Փէյթըն Փրիչըրտ (16 կէտ) եւ Ճրու Հոլիտէյ (14 կէտ): Տոնավըն Միչել 33 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիվլենտի, մինչ սենթըր Էվըն Մոպլի 17 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Տարիուս Կարլընտ (14 կէտ) եւ Այզըք Օքորօ (11 կէտ) իրենց կարգին ունեցան լաւ ելոյթ, ինչ որ սակայն բաւարար չէր պարտութեան մատնելու Սելթիքսը:
Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, որ 4-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր 8-րդ դասուած Նիւ Օրլինզ Փելիքընզը, կիսաւարտականի առաջին ճակատումին Տալաս Մեւրիքսի դէմ (թիւ 5) կրցաւ 117-95 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ:
Տալաս, որ 4-2 արդիւնքով դուրս ձգած էր Լոս Անճելըսի 2-րդ ներկայացուցիչ Քլիփըրզը, չկրցաւ բաւարար ձեւով պայքարիլ եւ տեղի տուաւ Թանտըրի դաշտին վրայ: Քայրի Ըրվինկ (20 կէտ) եւ Լուքա Տոնչիչ (19 կէտ, 9 էսիսթ) միշտ ալ կը փորձեն մղել իրենց խմբակիցները, որպէսզի իրենց օգնեն, անգամ մը եւս բաւարար օգնութիւն չստացան: Տանիէլ Կաֆորտ (16 կէտ, 11 ռիպաունտ), Ճոշ Կրին (11 կէտ) եւ Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն (10 կէտ) միջակ ելոյթ ունեցան:
Օքլահոմայէն փայլեցան Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր (29 կէտ, 9 ռիպաունտ, 9 էսիսթ), Չեթ Հոլմկրեն (19 կէտ), Ճէյլըն Ուիլիամս (18 կէտ) եւ Աարոն Ուիկինզ (16 կէտ):


