Երկուշաբթի գիշեր, Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումի առաջին մրցումին, Պէյրութ Ֆըրսթ Շիյահի իր դաշտին վրայ պարտութիւն մը կրեց Սաժեսէն, 92-97 արդիւնքով:
Սաժես շատ աւելի լաւ ելոյթ ունեցաւ, քան Պէյրութ, որմէ փայլեցան միայն Տար Թաքըր (31 կէտ) եւ Ալի Հայտար (26 կէտ, 8 ռիպաունտ), մինչ Սաժեսէն Քլէանթոնի Ըրլի (27 կէտ, 7 ռիպաունտ), Նիքոլաս Ռաքոսեւիչ (20 կէտ, 12 ռիպաունտ), Ճոնաթըն Կիպսըն (17 կէտ, 6 էսիսթ), Ահմետ Իպրահիմ (11 կէտ) եւ Քարիմ Իզետտին (10 կէտ) եղան Սաժեսի լաւագոյն մարզիկները:
Այս շաբաթ օր, Սաժեսի «Անթուան Շուէյրի» դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ երկրորդ ճակատումը, ժամը 16:45-ին: ՀՄԸՄ կիրակի օր, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ռիատին, խումբերու երկրորդ ճակատումին:
Ռիատի այսօր Թեհրանի մէջ պիտի մրցի Շահրտարի Կորկանի դէմ, Ուասլի մրցաշարքի աւարտականի 2-րդ ճակատումին:
Անցեալ հինգշաբթի Ռիատի 95-60 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր իրանեան ակումբին դէմ առաջին ճակատումին:


