24 տարեկան բրիտանացի վարորդ Լանտօ Նորիս կիրակի գիշեր շահեցաւ Մայեմիի կրան փրին: Ֆորմիւլա 1-ի մէջ իր 6-րդ տարեշրջանը կատարող Նորիս, իր Մաքլարենով լաւապէս օգտուեցաւ աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափընի սխալէն, առաւել Մակնուսըն-Սարճընթ արկածէն, որ ստիպեց սէյֆթի քարը, ուր Նորիս անիւ փոխելու ժամանակէն օգտուեցաւ, մինչ Վերշթափըն արդէն իսկ մտած էր փոխելու իր սխալէն ետք ստուգելու ինքնաշարժին վիճակը:
Արդարեւ, Վերշթափըն դարձուածքի մը վրայ հաւասարակշութիւնը կորսնցուցած էր եւ զարնուած փլասթիքէ արգելքի մը (քոն): Մրցումէն ետք ան կատակեց. «Չսիրեցի անոր տեղը եւ անջատեցի զինք: Փորձեցի ինքնաշարժիս առջեւի թեւն ալ… ուրեմն արկածի փորձը յաջող էր, եւ ինքնաշարժս ապահով է», կատակեց աշխարհի ախոյեանը: «Կը յաղթես, կը պարտուիս: Կարծեմ բոլորս վարժուած ենք մրցումներու ընթացքին: Վատ օ՞ր է 2-րդ դիրք գրաւելու համար… ընդունելի է: Ուրախ եմ Լանտոյի համար, երկար ժամանակէ ի վեր կը մասնակցի եւ տակաւին կրնայ շատ մրցումներ շահիլ», աւելցուց Վերշթափըն:
«Վերջապէս, շատ ուրախ եմ, գիտէի… Կը զգայի, երբ առտու հոս հասայ: Նախազգացում ունէի, որ անպայման փոտիում պիտի բարձրանամ», ըսաւ Նորիս:
Նորիս այս տարեշրջանին Քարլոս Սայնցի կողքին միակ վարորդները եղան, որ կրցան պարտութեան մատնել Վերշթափընը:
Ֆեռարիի վարորդներ Շարլ Լըքլեր եւ Քարլոս Սայնց 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերը գրաւեցին: 5-րդ դիրքը գրաւեց Վերշթափընի խմբակից Սերխիօ Փերես (Ռետ Պուլ): Համիլթըն 6-րդ դիրքը գրաւեց իր Մերսետեսով, Ռետ Պուլի 2-րդ խումբին` Ար. Պի.-ի վարորդ Եուքի Ցունոտա եւ Ճորճ Ռասըլ (Մերսետես) գրաւեցին 7-րդ եւ 8-րդ դիրքերը: 9-րդ դիրքը գրաւեց Ֆեռնանտօ Ալոնսօ (Ասթոն Մարթին), մինչ ֆրանսացի Էսթեպան Օքոն (Ալփին) գրաւեց 10-րդ դիրքը:
Ընդհանուր դասաւորումը տարուան 6-րդ կրան փրիէն ետք.
1.- Մաքս Վերշթափըն 136 ԿԷՏ
2.- Սերխիօ Փերես 103 ԿԷՏ
3.- Շարլ Լըքլեր 98 ԿԷՏ
4.- Լանտօ Նորիս 83 ԿԷՏ
5.- Քարլոս Սայնց 83 ԿԷՏ
6.- Օսքար Փիասթրի 41 ԿԷՏ
7.- Ճորճ Ռասըլ 37 ԿԷՏ
8.- Ֆեռնանտօ Ալոնսօ 33 ԿԷՏ
9.- Լուիս Համիլթըն 27 ԿԷՏ
10.- Եուքի Ցունոտա 14 ԿԷՏ
Ինքնաշարժներու դասաւորում.
1.- Ռետ Պուլ Հոնտա 239 ԿԷՏ
2.- Ֆեռարի 187 ԿԷՏ
3.- Մաքլարեն Մերսետես 124 ԿԷՏ
4.- Մերսետես 64 ԿԷՏ
5.- Ասթոն Մարթին Մերսետես 42 ԿԷՏ
6.- Ար. Պի. Հոնտա 19 ԿԷՏ