Հրաչեայ Ռոստոմեան. «Պիտի Հրաւիրենք Ֆութպոլի Իսկական Մասնագէտներ»
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան, կառավարութեան հերթական նիստէն ետք, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, անդրադարձաւ նաեւ ֆութպոլի մարզին մէջ կատարուելիքներուն: Նախարար Ռոստոմեան ըսաւ. «Թէ՛ ֆութպոլի, թէ՛ ըմբշամարտի եւ թէ՛ ծանրաբարձութեան մէջ ընելիքներ կան: Մենք իւրաքանչիւր մարզի վրայ յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնենք: «Մենք` մեկնելով մեր մտահոգութենէն, քննարկումներու պիտի սկսինք: Ցարդ անորոշ է, թէ ի՞նչ ուղղութեամբ աշխատանք պիտի տանինք: «Պիտի հրաւիրենք ֆութպոլի...



