Ռումանիոյ մէջ սկսած 2016-ի սամպոյի աշխարհի ախոյեանութեան, պատանիներու եւ երիտասարդներու մրցումներուն երրորդ օրը Հայաստան տիրացաւ իր երրորդ մետալին` շնորհիւ Պորիս Շատվերեանի:
70 քկ դասակարգին մէջ Պորիս Շատվերեան կիսաւարտականին ճակատեցաւ Վրաստանի ներկայացուցիչին` Կակի Լիչելիի հետ:
Իր մրցակիցէն պարտութիւն մը կրելով` Պորիս Շատվերեան բաւականացաւ աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալով, կը յայտնէ ArmSport.am: