Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան, կառավարութեան հերթական նիստէն ետք, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, անդրադարձաւ նաեւ ֆութպոլի մարզին մէջ կատարուելիքներուն:
Նախարար Ռոստոմեան ըսաւ. «Թէ՛ ֆութպոլի, թէ՛ ըմբշամարտի եւ թէ՛ ծանրաբարձութեան մէջ ընելիքներ կան: Մենք իւրաքանչիւր մարզի վրայ յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնենք:
«Մենք` մեկնելով մեր մտահոգութենէն, քննարկումներու պիտի սկսինք: Ցարդ անորոշ է, թէ ի՞նչ ուղղութեամբ աշխատանք պիտի տանինք:
«Պիտի հրաւիրենք ֆութպոլի իսկական մասնագէտներ, եւ քննարկումները անոնց պիտի հետեւին»: