
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն չեղեալ նկատեց 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն ռուս աթլեթ, մուրճ նետելու մրցումներու աղջկանց ախոյեան Թաթիանա Լիսենքոյի արդիւնքը` անկէ խլելով անոր տիրացած ոսկի մետալը:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը յայտարարեց, որ 33 տարեկան մարզիկին արեան քննութիւններուն մէջ ի յայտ եկած է, որ ան խթանիչ դեղեր գործածած է:
Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէին իր յղած նամակին մէջ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն պահանջեց, որ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին վերադարձուին անոր շահած ոսկի մետալն ու պատուոյ գիրը:


