Ֆութպոլի անցեալի նախկին աստղ, մարզիչ, ողիմպիական ախոյեան Նիքիթա Սիմոնեան իր ծննդեան 90-ամեակին օրը դարձաւ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի մրցաշարքի դեսպան: Ան իր յուշավկայագիրը ստացաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ:
«Շատ հաճելի է ստանալ աշխարհի ախոյեանութեան դեսպանի կարգավիճակը: Ոչ մէկ վայրկեան կը կասկածիմ, որ մրցաշարքը պիտի կազմակերպուի ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ: Մեծ յոյսով եմ, որ Ռուսիա յաջող ելոյթներ պիտի ունենայ: Կ՛երազեմ անձամբ ներկայ գտնուիլ այդ մրցումներուն եւ վայելել ֆութպոլի լաւագոյն վարպետներուն խաղը», անոր խօսքերը կը մէջբերէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Նշենք, որ աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ 14 յունիսէն 15 յուլիս 2018` Մոսկուայի, Ս. Փեթերսպուրկի, Քազանի, Նիժնի Նովկորոտի, Սարանսքի, Քալինինկրատի, Վոլկոկրատի, Էքաթերինկպուրկի, Սամարայի, Սոչիի եւ Տոնի Ռոսթովի մէջ: