«Սանթիակօ Պեռնապէօ» Պիտի Ունենայ Գոցուող Տանիք
Յառաջիկայ տարի Ռէալ Մատրիտ պիտի սկսի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վերակառուցումը` ստանալէ ետք Սպանիոյ մայրաքաղաքի իշխանութիւններուն արտօնութիւնը: Մարզադաշտը վերակառուցումէն ետք պիտի ունենայ գոցուող տանիք, կը յայտնէ «Մարքա»: Կը նշուի նաեւ, որ մատրիտեան իշխանութիւնները մերժած են Ռէալի մէկ առաջարկը եւ անոր յաւելեալ տարածութիւն չեն տրամադրած: Ճիշդ այդ պատճառով ալ արքայական ակումբը կ՛ուզէ մարզադաշտին ճիշդ մօտ ակումբին համար կառուցել փոքր պանդոկ մը: Կը...





