
Լիբանանի ախոյեան Ռիատի Պէյրութ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց ակումբներու 25-րդ ախոյեանութեան, իր պատմութեան մէջ 7-րդ անգամ ըլլալով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ երէկ, քառորդ աւարտականին իր կատարած մրցումին 88-69 արդիւնքով յաղթեց Փարսի Աթիրոյի (Ղազախստան):
Կիսաւարտականին, այսօր` շաբաթ, 15 հոկտեմբերին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 13:00-ին, Ռիատի իր դէմ պիտի ունենայ Ահլին (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Երէկուան այս մրցումին Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆատի Խաթիպ (18):