Մարզական

Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Եունայթըտ 0-0

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, երբ «Էնֆիշտ»-ի իր դաշտին վրայ Լիվըրփուլ հիւրընկալեց Մանչեսթըր Եունայթըտը: Թէեւ Լիվըրփուլ ունեցաւ բաւական յստակ գերակայութիւն մը իր հիւրին վրայ (65 տոկոսով), սակայն չյաջողեցաւ ցնցել անոր բերդին ուռկանը: Լիվըրփուլ կիրարկեց 4-3-3 խաղաոճ մը, մինչ Մանչեսթըր 4-2-3-1: Նշենք, որ Մանչեսթըրէն կը բացակայէր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:...

10-19 Յուլիսին.  Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականին Փորձերը

2018-ի Մոնտիալ. Հայաստան – Սկովտիա Մրցումին Տոմսերը Սկսան Ծախուիլ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստան - Սկովտիա 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին տոմսերը արդէն իսկ հրապարակի վրայ են: Նշենք, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 11 նոյեմբերին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ: Մրցումին տոմսերուն գինը կը սկսի 4000 դրամէն` հասնելով 10.000 դրամի:

Գէորգ Ղազարեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Փորթուգալի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Մարիթիմօ 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նաւալի, ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը: Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան բաւական տպաւորիչ ներկայացում մը ունենալով տուպլէ մը իրագործեց (72-րդ եւ 78-րդ):  

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ – Արարատ 4-0

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին: Շիրակի եւ Ալաշկերտի միջեւ գագաթի ճակատումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ: Ալաշկերտի կոլը փենալթիով նշանակեց Նորայր Գէօզալեան (33-րդ), իսկ Շիրակի կոլը` Գէորգի Գոգիչեան (75-րդ): Փիւնիկ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Արարատին: Վարդան Պօղոսեան տուպլէ մը իրագործեց (26-րդ եւ 33-րդ), մինչ մնացեալ կոլերը նշանակեցին Պետրոս Աւետիսեան (36-րդ) եւ Կամօ Յովհաննիսեան (75-րդ): Նոյն արդիւնքով...

Գեւգէոզեան` Կոլի Հեղինակ

Քոլոմպիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Աթլեթիքօ Պուքարամանկա 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Խունիորին: Դաշտին տիրոջ եւ մրցումին հաշիւը 19-րդ վայրկեանին բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի թեկնածու Մաուրօ Գեւգէոզեան: Իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Գեւգէոզեան 75-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Անոր կազմը այժմ 27 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 3-րդ դիրքը:

Շալքէ Ստացաւ Ծանր Հարուած Մը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Շալքէի յառաջապահ Պրիլ Էմպոլօ չորսէն վեց ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` նկատի ունենալով, որ ան իր ոտքը կոտրեց, երբ իր կազմին հետ կը մասնակցէր Օկզպուրկի դէմ տեղի ունեցած «Պունտըսլիկա»-ի մրցումին: Շալքէի թեքնիք տնօրէն Քրիսթիան Հիտել ըսաւ, որ 19 տարեկան զուիցերիացիին վիրաւորուիլը մեծ հարուած մը եղաւ խումբին համար` նկատի ունենալով, որ հետզհետէ կը բարելաւէր իր...

Մեսսի` Առաջին Դիրքին Վրայ

«Ֆորպզ»-ի հրապարակած` 30 տարեկանէն վար ամէնէն հարուստ մարզիկներուն ցանկին պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի: 29 տարեկան Մեսսիի տարեկան եկամուտը կը կազմէ շուրջ 73,7 միլիոն եւրօ: Երկրորդ դիրքին վրայ է Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի պասքեթպոլիստ Քեւին Տիւրընթ (50,8 միլիոն եւրօ), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ (50,5 միլիոն եւրօ):

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը Եւ Նահանջեց Չորրորդ Դիրք

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը Եւ Նահանջեց Չորրորդ Դիրք

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 16 հոկտեմբերին` ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը մեկնեցաւ հարաւ, որ Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրը եղաւ Իսլահ Պըրժ Շիմալիի: ՀՄԸՄ, որ նախքան իր այս մրցումը կատարելը կը գտնուէր պարագլուխի դիրքին վրայ, կը մնար ցարդ անպարտելի միակ խումբը եւ առանց կոլ ստանալու իր բերդին մէջ կը յառաջանար, կրեց տարեշրջանի իր...

Ալեքսանեան Եւ Յարութիւնեան` Դիլիջանի Պատուոյ Քաղաքացիներ

Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան եւ արծաթէ մետալակիր Միհրան Յարութիւնեան Դիլիջանի պատուոյ քաղաքացիի կոչում ստացան, յայտնեց Դիլիջանի քաղաքապետութեան պաշտօնական կայքը: Դիլիջանի քաղաքապետ Արմէն Սանթրոսեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշները, ինչպէս նաեւ անոնց մարզիչները` Գէորգ Ալեքսանեանը եւ Սամուէլ Գէորգեանը պարգեւատրեց քաղաքապետարանի ոսկի մետալով: Նշենք, որ նախապէս Արթուր Ալեքսանեանին եւ Միհրան Յարութիւնեանին յանձնուած էր Երեւանի, ինչպէս նաեւ իրենց հայրենի քաղաքներուն, յաջորդաբար` Գիւմրիի եւ Էջմիածինի...

Մխիթարեանի Մարզաշապիկը Ամէնէն Շատ Ծախուողներէն` Անգլիոյ Մէջ

Անգլիական «Տը Սան» օրաթերթը ներկայացուց անունները «Փրեմիեր լիկ»-ի այն 20 ֆութպոլիստներուն, որոնց մարզաշապիկները ամէնէն շատը կը ծախուին Անգլիոյ մէջ: Անոնց կարգին է նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ կը գրաւէ 19-րդ դիրքը: Առաջին եւ երկրորդ դիրքերը յաջորդաբար կը գրաւեն անոր խմբակիցները` Փոլ Փոկպա եւ Զլաթան Իպրահիմովիչ:

Վահագն Դաւթեան Եւ Վիգէն Խաչատրեան Յաղթական` Վրաստանի Մէջ

Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած հայ մարմնամարզիկները երեք ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալներու տիրացան: Վահագն Դաւթեան յաղթեց օղակներու մրցումներուն, մինչ երրորդ դիրքը գրաւեց Արթուր Աւետիսեան: Իսկ Վիգէն Խաչատրեան ոսկի մետալներու տիրացաւ պտտաձողի եւ նժոյգի թափի մրցումներուն: Նշենք, որ միջազգային այս մրցաշարքին մասնակցեցան Հայաստանի, Ռուսիոյ, Վրաստանի եւ Գերմանիոյ մարմնամարզիկները:

Եւրոպական Ֆութպոլ. 19 Կոլ` «Լա Լիկա»-ի 3 Մրցումի Ընթացքին. Եուվենթուս Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիկները Շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի առաջին դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթի 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Էվըրթընի հետ: Անոր արձանագրած այս հաւասարութենէն օգտուեցաւ Արսենալ, որ 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սուանզիի, այժմ միայն կոլէվըրէյճի տարբերութեամբ ետ կը մնայ անկէ: Թէօ Վալքոթ նշանակեց Արսենալի կոլերէն երկուքը: Իտալիոյ մէջ, Եուվենթուս 2-1 արդիւնքով...

Հայաստանի Յունահռոմէական Ըմբիշները` Իրանի Բաժակի Մրցաշարքին

Հայաստանի հաւաքականի չորս ըմբիշներ հանդէս պիտի գան յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Իրանի ակումբներու ախոյեանութեան երրորդ հանգրուանին, յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Հայրենի չորս ըմբիշներն են` Ռոման Ամոյեան (59 քկ), Վարշամ Բորանեան (71 քկ), Արսէն Ջուլֆալակեան (75 քկ) եւ Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ): News.am-Sport կայքը կ՛աւելցնէ, որ 20-22 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին 10 խումբերէն երկուքը իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Պուտափեշթի...

Ասիոյ Ակումբներու Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Ռիատի Պէյրութ Չկրցաւ Տիրանալ Տիտղոսին

Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի ակումբներու տղոց ախոյեանութիւնը երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` չինական Շինճիանկ Ֆլայնճ Թայկըր եւ լիբանանեան Ռիատի Պէյրութ ակումբներուն միջեւ: Լիբանանի ախոյեանը չկրցաւ տիրանալ տիտղոսին, երբ աւարտականին պարտուեցաւ իր մրցակիցէն` 96-88 արդիւնքով: Նշենք, որ Ռիատի առաջին անգամ ըլլալով կը հասնէր աւարտականին եւ կը պարտուէր: Նշենք, որ կիսաւարտականին (շաբաթ օր) Ռիատի 107-79 արդիւնքով...

Պասքեթպոլ. Ուրարտուի Երրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Երեւանի Ուրարտու տղոց պասքեթպոլի խումբը իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը կրեց Ռուսիոյ «Սուփըրլիկ-1»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ: Տիգրան Կէօքճեանի կազմը, որ Վլատիվոսթոքի մէջ հիւրը եղաւ Սպարտակ Փրիմորիէին, կրեց 109-59 արդիւնքով պարտութիւն մը: Առաջին երկու մրցումներուն, Ուրարտու պարտուած էր ռուսական Ռիազանէն եւ Սամարայէն:

Ուսէյն Պոլթ Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Աւարտէ «Ռէյսըրզ Կրան Փրի»-էն Ետք

Ողիմպիականի 9-ակի ախոյեան, 100 եւ 200 մեթրի վազքի աշխարհի մրցանշակիր Ուսէյն Պոլթ որոշեց իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտել իր հայրենիքին` Ժամայքայի մէջ, 2017-ին մասնակցելէ ետք «Ռէյսըրզ կրան փրի»-ին: Ան յառաջիկայ տարի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութեան: Նշենք, որ ան պատմութեան մէջ երրորդ աթլեթն է, որ ողիմպիականի 9 տիտղոսի տիրացաւ: Անկէ բացի, այս յաջողութեան հասած են...

Իվան Եաքան` Կոլի Հեղինակ

Պելճիքայի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումերուն, Սերքլը Պրիւժ իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Լոմելին: Մրցումին եւ դաշտին տիրոջ առաջին կոլը նշանակեց Իվան Եաքան` փենալթիով (45-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Սերքլը Պրիւժ 12 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Վաղը` Իսլահ Պըրժ Շիմալի – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Իսլահ Պըրժ Շիմալի – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 16 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մեկնի հարաւ, ուր Սուրի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Իսլահ Պըրժ Շիմալիի: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին: Մնալու համար պարագլուխի դիրքին վրայ` ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պիտի ընէ Պէյրութ վերադառնալու համար երեք կէտով` կիրարկելով խմբային խաղաոճ մը եւ օգտագործելով կոլ նշանակելու...

Վարուժան Սուքիասեան Հեռացաւ Հայաստանի Հաւաքականէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան հեռացաւ իր պաշտօնէն: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ան ներկայացուց իր հրաժարականը: Սուքիասեանի հետ Հայաստան կրեց յաջորդական երեք պարտութիւն` 2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Ան 10 դեկտեմբեր 2015-ին նշանակուելով մարզիչ, կատարեց 7 մրցում` արձանագրելով 2 յաղթանակ (Կուաթեմալայի եւ Սալվատորի դէմ), 1 հաւասարութիւն (Պիելոռուսիոյ հետ) եւ կրելով 4...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Այսօր` Ռէալ Պեթիս – Ռէալ Մատրիտ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Ռէալ Պեթիս – Ռէալ Մատրիտ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, շարք մը ճակատումներ պիտի ըլլան հետաքրքրական: Հետաքրքրական ճակատումներուն կարգին են` Չելսի - Լայսթըր Սիթի, Ռէալ Պեթիս - Ռէալ Մատրիտ եւ այլ մրցումներ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 8-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Չելսի (7) - Լայսթըր Սիթի (12) 14:30 Պուրնըմաութ (13) - Հալ Սիթի...

Page 1055 of 1276 1 … 1,054 1,055 1,056 … 1,276

Արխիւներ