Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան, «Արարատ-73»-ի ֆութպոլի խումբի անդամներուն հետ միասին հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարեցին նախկին Խորհրդային Միութեան ախոյեան եւ բաժակակիր «Արարատ-73»-ի ֆութպոլի խումբին արձանախումբին, յայտնեց Երեւանի քաղաքապետութեան պաշտօնական կայքը:
Ֆութպոլի խումբին փառահեղ յաղթանակները յաւերժացնող արձաններուն բացման պատիւը վերապահուեցաւ անցեալի ֆութպոլիստներուն, իսկ յաղթական բաժակի արձանին հանդիսաւոր բացումը կատարեցին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանն ու Գագիկ Ծառուկեանը:
Հրազդան մարզադաշտին մօտ բացուած «Արարատ-73»-ի ֆութպոլի խումբին արձանախումբին հեղինակն է Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Տիգրան Բարսեղեան, իսկ քանդակագործներու խումբին պատասխանատուն` Արմէն Սամուէլեան, իր այս լուրը եզրափակեց TotalFootball.am: