Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ սկսան ողիմպիական խաղերուն մասնակցած մարզաձեւերուն, հաւաքական խումբերու մասնակցութեան, հաշուետուութեան զրոյցները եւ զեկուցումները:
Նախ զեկուցեց Հայաստանի տղոց ծանրաբարձութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.
«Ողիմպիական ախոյեաններ պատահականօրէն չէ որ կ՛ունենանք: Անիկա երկար ճամբայ մըն է: Մարզիկ մը նախ Եւրոպայի, աշխարհի մրցանակակիր պէտք է ըլլայ եւ թրծուի միջազգային մրցաշարքերուն ընթացքին: Ասոնք շատ կարեւոր են:
«Թոքիօ-2020-ին մասին խօսելով ըսեմ, որ մենք հանգստանալու ժամանակ չունինք, որովհետեւ այդ ողիմպիականին մեր պատրաստութեան արդէն իսկ սկսանք»:
Հաշուետուութեան աւարտին նախարարութեան պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականին մասնակցութիւնը Ռիօ-2016-ին կը գնահատէ լաւ: