
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Ռէալ Մատրիտ յայտարարեց, որ երկարաձգած է գերմանացի իր միջնապահին` Թոնի Քրուսի պայմանագրութիւնը. ան մինչեւ 30 յունիս 2022 պիտի մնայ «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ:
Ըստ գերմանական «Պիլտ» պարբերաթերթին, ան տարեկան պիտի գանձէ 20 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:


