
Իտալիոյ ազգային ողիմպիական կոմիտէն պաշտօնապէս հրաժարեցաւ 2024-ի ամառնային ողիմպիականի խաղերուն հիւրընկալման թեկնածու ներկայանալէ, հաղորդեց «Ի. Էս. Փի. Էն.»:
Հռոմի քաղաքապետութիւնը նախապէս նմանօրինակ լուր մը հրապարակած էր, սակայն պաշտօնապէս այդ հարցին առնչութեամբ երէկ յայտարարութիւն մը հրապարակուեցաւ:
Հետեւաբար, պայքարը պիտի ընթանայ 3 թեկնածուներու միջեւ. Փարիզ (Ֆրանսա), Պուտափեշթ (Հունգարիա) եւ Լոս Անճելըս (Միացեալ Նահանգներ):
Վերջինս կը նկատուի գլխաւոր թեկնածուն:


