Այսօր` շաբաթ, 15 հոկտեմբերին, Ուրարտու Ռուսիոյ պասքեթպոլի գերլիկայի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ մրցում մը ունի կատարելիք Վլատիվոսթոքի Սպարտակ – Փրիմորյէի դէմ` վերջինիս դաշտին վրայ:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Ուրարտու Երեւան – Մոսկուա – Վլատիվոսթոք օդանաւով մեկնեցաւ Վլատիվոսթոք` պատրաստուելու համար իր մրցումին: Ուրարտուի կազմին մէջ են 12 մարզիկներ:
Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 13:10-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), կը յայտնէ News.am-Sport կայքը: