Առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած «Երեւան-օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին յաղթողի կոչումին տիրացաւ կրանտմասթըր Ռոպերթ Յովհաննիսեան, կը յայտնէ News.am-Sport:
8 կրանտմասթըրներ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեցին 7-ական կէտ:
1-8 դիրքերը բաժնեցին հայաստանցիներ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Յովիկ Հայրապետեան, ռուս Փաւել Սմիռնով եւ ուրիշներ:
Բայց եւ այնպէս, առաջին ճանչցուեցաւ եւ լրացուցիչ ցուցանիշով տիտղոսակիր հանդիսացաւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան: