Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ քաթալոնական Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալէն ետք պիտի հեռանայ միջազգային ասպարէզէն եւ լքէ ազգային խումբը:
Ան ըսաւ, որ իր տուած որոշումը արագ չեղաւ, որովհետեւ ինք այս առնչութեամբ բաւական երկար ժամանակ մտածեց:
Նշենք, որ ան Սպանիոյ կազմին մէջ իր նորամուտը նշեց 2009-ին: