
Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, լոնտոնեան Արսենալի բերդապահ Փիթըր Չեխ, Էվըրթընի միջնապահ Կերըթ Պերի եւ անգլիական Լայսթըր Սիթի ֆութպոլի ակումբը յայտնուեցան «Կինես» մրցանիշներու գրքին մէջ, յայտնեց guinnessworldrecords.com կայքը:
Ռոնալտօ մրցանշակիր եղաւ իբրեւ աշխարհի ամէնէն յայտնի մարզիկը: Փորթուգալցին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ ունի 47 միլիոն հետեւող:
Չեխ «Կինես»-ի գիրքին մէջ յայտնուեցաւ, որովհետեւ 181 մրցումի ընթացքին կոլ չստացաւ իր բերդին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի Պերիի, ան 581 անգամ դաշտ ներկայացած է իր ակումբին` Էվըրթընի հետ, իբրեւ հիմնական մարզիկ:
Վերջապէս, Լայսթըր Սիթի, որ «Փրեմիեր լիկ»-ի 2014-2015 տարեշրջանին 14-րդ էր, յաջորդ տարեշրջանին հանդիսացաւ ախոյեան, ինչ որ կը նկատուի մրցանիշի համազօր թռիչք մը:


