Լիբանանի տղոց ախոյեան Ռիատի Պէյրութ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ասիոյ պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութեան, առանց պարտութիւն կրելու գրաւեց Ա. խմբակի պարագլուխի դիրքը եւ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Անիկա այսօր` ուրբաթ, 14 հոկտեմբերին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 13:00-ին, կը մրցի Փարսի Աթիրոյի դէմ (Ղազախստան):
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումներուն, Ռիատի իր կատարած վերջին ճակատումին տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով, 74-63 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իրանեան Փեթրոշիմին:
Ռիատիէն Տուարիք Սփենսըր նշանակեց 23 կէտ եւ ռիպաունտ, Ֆատի Խաթիպ` 19 կէտ եւ 8 ռիպաունտ, իսկ Ուաէլ Արաքժի` 15 կէտ եւ 7 ռիպաունտ: