Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ Ամիսներու պատրաստութենէն ետք, տագնապալից եւ դժուար օրերէն ետք, վերջապէս տեղի ունեցան լիբանանեան երեսփոխնական ընտրութիւնները: Ընտրուեցան բոլոր այն թեկնածուները, որոնք ընտրական այս նոր օրէնքով կրցան ապահովել յաջողութեան քուէարկութեան թիւերը: Պէտք է ըսել, որ այս օրէնքը, ամբողջ իր խոտորութեամբ եւ արդարութեամբ, իրականացուց հետեւեալը. որ ամէն անհատ կրցաւ ընտրել իր նախընտրած թեկնածուն: Արդիւնքն էր 128 երեսփոխաններ` 122 այր մարդ եւ 6...



















